ՊԱՇԱՐՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է փնտռեն երկխօսութեան հնարաւորութիւններ եւ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու ուղիներ։

Սերկէյ Լաւրով, որ երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Հաւանութեան արժանացած են չորս եռակողմ յայտարարութիւններ, որոնց վրայ աշխատանք կը տարուի, բայց, ի հարկէ, լաւ կ՚ըլլար արագացնել այդ աշխատանքը։ Եւ ինչ հարցեր որ ալ ծագին տեղւոյն վրայ, ես համոզուած եմ, թէ առաւել եւս անհրաժեշտ է պարբերաբար հանդիպիլ, պայմանաւորուիլ, ամրապնդել վստահութիւնը եւ բոլոր հարցերու կարգաւորման համար հող նախապատրաստել»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով ափսոսանք յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ երէկ նախատեսուած Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը չէ կայացած, հայկական կողմը հրաժարած է այդ տեսակցութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Այսօր մենք պայմանաւորուած էինք մեր տարածքին մէջ իրականացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ շարունակելու համար խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ քննարկումը։ Մենք կը պատրաստուէինք այդ իրադարձութեան, բայց, ցաւօք, վերջին պահուն մեր հայ գործընկերները հրաժարեցան Մոսկուա գալէ՝ սա բացատրելով տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակով։ Ցաւալի է, որ նման հնարաւորութիւնը բաց թողուեցաւ»։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Ռուսաստան բոլորէն շատ հետաքրքրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն, արդար խաղաղութեան հաստատման։ Իր խօսքով՝ ռուս խաղաղապահները ամէն ժամ կ՚աշխատին Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար եւ կապի մէջ են կողմերու հետ։ Մոսկուա կողմնակից է լիարժէք փոխադրական հաղորդակցութեան հնարաւորինս արագ վերականգնման եւ լուծել Արցախէ ներս հանքավայրերու շահագործման շուրջ կողմերու միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները։ Իր խօսքով՝ սա հին նիւթ մըն է, ժառանգուած Խորհրդային Միութենէն ու պէտք է հնարաւորինս արագ յաղթահարել այդ լարուածութիւնը։

«ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման չկայանալուն կապակցութեամբ խօսեցաւ նաեւ այլ մանրամասնութիւններու շուրջ։ «Այս առընչութեամբ կան Հայաստանին ուղղուած հարցեր, թէ երկրի իշխանութիւնները ինչպէ՛ս յայտնած են եռակողմանի հանդիպման մասնակցելէ հրաժարելու մասին։ Մենք, ինչպէս դուք, այս մերժման մասին տեղեկացած ենք մամլոյ հաղորդագրութենէ։ Որեւէ դիւանագիտական խողովակ, որ սովորաբար ներգրաւուած կ՚ըլլայ նման պարագաներով, չէ օգտագործուած։ Սա հայկական կողմի որոշումն է», աւելցուց Լաւրով։

Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պահանջեց, որ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հեռանայ Լեռնային Ղարաբաղէն։ Պայրամով պնդեց, որ Ռուբէն Վարդանեանի գործունէութիւնը յանցաւոր եւ արկածախնդիր բնոյթ կը կրէ։ «Մենք կը կարծենք, որ պէտք է վերջ տալ այս բանին։ Եւ որքան շուտ այդ անձը հեռանայ այս տարածաշրջանէն, այնքան լաւ կ՚ըլլայ բոլորին համար, առաջին հերթին՝ իր պատճառով կը տուժէ տեղւոյն բնակչութիւնը։ Մինչեւ իր այնտեղ յայտնուիլը եղած են լաւ շփումներ, դրական փաստեր», ըսաւ Պայրամով։

Այս կապակցութեամբ Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Մոսկուա որեւէ կապ չունի Ռուբէն Վարդանեանի Լեռնային Ղարաբաղ երթալու եւ այնտեղ քաղաքական գործունէութեամբ զբաղելու որոշման հետ։ Հարկ է նշել, որ Ռուբէն Վարդանեան Ռուսաստանի քաղաքացի էր եւ Արցախ հաստատուելէ վերջ որոշած էր հրաժարիլ ռուսական քաղաքացիութենէն։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինն ալ յոյս յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցին մէջ կողմերու փուլային յառաջընթացին համար։ «Մենք փուլային յառաջընթաց կ՚ակնկալենք՝ մասնաւորապէս տարածաշրջանէ ներս փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ոլորտներուն մէջ», ըսաւ ան։

ՄԱՔՐՈՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ Մաքրոն խիստ անհանգստութիւն արտայայտեց Հարաւային Կովկասէ ներս լարուածութեան վերսկսման կապակցութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Լաչինի միջանցքի ամբողջ երկայնքով ապահովուի ազատ տեղաշարժը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022