«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԽՄՈՐ»
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները կամ պայմանականօրէն ըսելով՝ 2024 թուականի «Սուրիական խմորը» դեռ կը սպասէ իր ժրաջան հետազօտողին, որպէսզի թեմային առընչուող նիւթը ամբողջացնէ, իր տրամաբանական աւարտին հասցնէ եւ բոլոր հանգամանքները յստակացնէ։ Այսուհանդերձ, նախնական որոշակի եզրայանգումներու կարելի է հասնիլ, մասնաւորապէս՝ Հարաւային Կովկասի եւ, առաջին հերթին, Հայաստանի հետ սուրիական դէպքերու կապի ու ազդեցութեան համայնապատկերին մէջ:
Նկատենք, որ Սուրիոյ մէջ ընդհանրացած իրադրութիւնը նոր չէ: Մերձաւոր Արեւելքի շատ մը երկիրներու պէս՝ այստեղ եւս մեծաթիւ էթնիք ու կրօնական խումբերու միջեւ յաճախադէպ դարձած ներհասարակական հակամարտութիւնները անվերջանալիօրէն տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուին։ Սուրիոյ համար աշխարհաքաղաքական պայքարը՝ այդ տեղ շահեր ունեցող Ռուսաստանի, Իրանի եւ շարք մը այլ պետութիւններու ներգրաւումով, որոշ չափով զսպող գործօն էր, այլապէս՝ դեկտեմբերին պատահած դէպքերը շատ աւելի վաղ զիրենք զգալ կը դարձնէին:
Սուրիոյ ապակայունացմամբ շահագրգիռ չէ նաեւ Իրաքի կառավարութիւնը, քանի որ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) կարգի խմբաւորումներուն հետ առերեսուելու տհաճ առիթ է, այն, ինչ որ իրեն համար մտահոգիչ է: Բայց, մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը «Սուրիական խմորի» հնարաւոր արձագանգներն են Հարաւային Կովկասի, առաւել եւս՝ Հայաստանի մէջ:
44-օրեայ պատերազմի ժամանակ մենք ականատես եղանք շատ աւելի շուտ սկսած՝ «Արաբական գարնան», ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բռնկած քաղաքացիական բախումներու ազդեցութեան մեր տարածագօտիին մէջ, ուր սթաթիւքոն փոխուած էր: Արցախի պատերազմին ակներեւ էին հակառակորդին ցուցաբերուած աջակցութիւնները թէ՛ Իսրայէլէն՝ զէնքով ու մասնագէտներով, թէ՛ Մեծ Բրիտանիայէն, թէ՛ Փաքիստանէն՝ զէնքով ու զինեալներ մատակարարելով, թէ՛, ի հարկէ, Թուրքիայնէն (…)։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակական, անկանխատեսելի փոփոխութիւնը չի կրնար անհետեւանք անցնիլ մեզի համար: Աւելին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ նման փոփոխութիւնները յղի են տարածաշրջանը գլխովին ռազմական արկածախնդրութիւններու մէջ ներքաշելու եւ Կովկասը առճակատումներու թատերաբեմի վերածելու վտանգով: Ի տարբերութիւն Մերձաւոր Արեւելքի՝ Կովկասի մէջ բռնկած պատերազմը շատ աւելի դաժան կրնայ ըլլալ՝ գերտէրութիւններուն միջեւ աւելի ահեղ պատերազմներու կռուան դառնալով: Յուսանք, որ բանը ատոր չի հասնիր ու դարձեալ վերադառնանք «Սուրիական խմորին», որ, կարծես թէ, դեռ շատ ջուր պիտի քաշէ:
Կան որոշ պնդումներ, թէ ռուսական կողմը, ըստ էութեան, Սուրիոյ մէջ չկռուեցաւ, քանի որ Թրամփ-Փութին գաղտնի պայմանաւորուածութիւն մը եղած էր: Սա չհաստատուած վարկած մըն է, որուն անդրադարձած են տարածաշրջանը լաւ հասկցող փորձագէտներ: Վերջիններուս խօսքով՝ տեղի ունեցածը սուրիական վարչակարգի լիակատար ձախողութեան հետեւանքն էր: Պեշար Էսատ ուղղակի ի զօրու չեղաւ խոստացուած բարեփոխումները իրականացնելու, յատկապէս՝ բանակին մէջ: Ան չկրցաւ ժողովուրդին հետ անկեղծ խօսիլ, օգտագործել կարող ուժերու փորձն ու հնարաւորութիւնը եւ նոր իրավիճակ մը ստեղծել: Սուտերը արդէն սպառած էին, ծանր էր մարդկանց աչքերուն նայիլ, ան աննկատ հեռացաւ։
Սա ձեզի ինչ-որ մէկը չյիշեցո՞ւց… դուք իրաւացի էք՝ Էսատը յայտնուած էր Փաշինեանի վիճակին մէջ, կամ՝ ընդհակառակը: Բոլոր պարագաներուն, Աստուած մի արասցէ, եթէ այս անկայուն իրավիճակը Հայաստանի մէջ շարունակուի, դժուար չէ կանխատեսել, թէ ինչ կրնայ ըլլալ կառավարութիւն մը, որուն ղեկավարը լաւ չըմբռնէր կամ ընդհանրապէս չըմբռնէր, թէ շուրջը ինչ կը կատարուի։ Այսինքն՝ ինքզինք իրադրութեան ո՛չ համարժէք ձեւով կը պահէ: Մենք արդէն վեցուկէս տարիէ ի վեր կը տեսնենք ու «կ՚ըմբոշխնենք» անոր չըմբռնածներուն ողբերգական հետեւանքները: Տիրող ՔՊ-ական համակարգը սպառնալիքներ չէզոքացնող իշխանութիւն մը չէ. մեր դաժան բախտէն, սպառնալիքներ հրահրող իշխանութիւն մը դուրս եկաւ անիկա:
«Հիմի է՞լ լռենք…»։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի