ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՔՈՆԵԱՔ ԱՐՑԱԽԻ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ

Այս տա­րի կը լրա­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը: Այս ա­ռի­թով Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ «Ե­րե­ւա­նի Ա­րա­րատ քո­նեա­քի-գի­նիի-օ­ղիի գոր­ծա­րան»ի ու «Ստե­փա­նա­կեր­տի քո­նեա­քի գոր­ծա­րան»ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, պի­տի թո­ղար­կուի տա­սը հա­զար շիշ՝ քսան­հինգ տա­րե­կան յո­բե­լե­նա­կան քո­նեաք, իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ գրած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Փոխ-վար­չա­պետ Ար­թուր Ա­ղա­բէ­կեան: Ըստ Ա­ղա­բէ­կեանի, վա­ճառ­քէն ստա­ցուած ողջ հա­սոյ­թը պի­տի ուղղուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու բարձ­րաց­ման: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րը ըն­դու­նած է 1991 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 2-ին՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մար­զա­յին եւ Շա­հու­մեա­նի շրջա­նա­յին խոր­հուրդ­նե­րու հա­մա­տեղ նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին՝ ժո­ղովր­դա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու կող­մէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016