ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսահայ համայնքէն ներս վերջին շրջանին անանտեսելի ձեւով օրակարգի վրայ են կրթական կեանքի վերաբերեալ նոր խմորումներ կամ ծրագրեր, որոնք հետամուտ են ֆրանսահայ իրականութենէն ներս կրթական կեանքի վերակազմակերպման։ Վերջին օրերուն այս տեսակէտէ կարեւոր քայլ մըն ալ առնուած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդին (CCAF) կողմէ։ Այս մասին հետեւեալը կը հաղորդուի Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին կողմէ։

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող
խորհուրդը՝ CCAF հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ գիտակցելով հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան առաքելութեան մէջ հայկական վարժարաններու կարեւոր դերին՝ որոշած է անոնց զարգացման ուղղուած միջոցներու ձեռնարկել:

Այսպէս, Ֆրանսայի հայկական բոլոր վարժարանները հրաւիրած է միասնաբար աշխատելու՝ անոնց կարիքները ճշդելու, պահանջները համադրելու եւ համակարգելու նպատակով, միաւորելու համար այն ցանցերն ու ուժերը, որոնք ներդնելով իրենց փորձառութիւնը՝ կրնան դիւրացնել վարժարաններու գործունէութիւնը:

Ուստի, մանկավարժներն ու խնամակալ մարմինները,- իւրաքանչիւրը իր բնագաւառին մէջ,- առիթը ունեցած են խորհրդակցելու զիրենք յուզող հասարակաց խնդիրներու շուրջ, համադրելու իրենց կարիքները, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու՝ զարգացման իրենց հեռանկարները, որոնք կը տարածուին միջին եւ երկար ժամանակներու վրայ:

Կազմուած են խորհրդածութեան երեք խումբեր.

- Ֆրանսայի մէջ, հայ 4-րդ-5-րդ սերունդի աշակերտութեան մասին խոր-հըրդածութեան խումբ մը,

- Մանկավարժական հարցերու եւ այդ բնագաւառին մէջ վարժարաններու միջեւ լաւագոյն ներդաշնակութեան մասին խորհրդածութեան խումբ մը,

- Վարչական եւ ելմտական յանձանձումի (gestion) մասին խորհրդածութեան խումբ մը:

Հանդիպումները առիթ ընծայած են բարելաւման աւելի թեքնիկ միջոցներու, ինչպէս օրինակ՝ CAPES եւ CRPE վկայականով օժտուած ուսուցիչներ պաշտօնի կոչելու, կամ հայերէն դասագիրքերու տպագրութեան, թուայնացման հարցերու եւ կամ ընդհանրապէս՝ հայերէնի դասաւանդման շուրջ կարծիքներու փոխանակումներ կատարելու:

Ընդառաջելով կատարուած դիմումներուն՝ կոչ կը կատարուի նաեւ միօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներուն՝ կապ հաստատելու CCAF-ի հետ, գրելով secretaire@ccaf.info հասցէին, քանի ինչպէս ստորեւ տրուած զեկոյցէն ալ ի յայտ պիտի գայ, նախնական նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի սոսկ ամէնօրեայ վարժարաններուն:

***

Վերոնշեալ հաղորդագրութեան կցուած զեկոյցին մէջ կ՚ըսուի, թէ հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու յանձնաժողովի առաջին ժողովը տեղի ունեցած է 2018 դեկտեմբեր 22-ին, ՀԲԸՄ-ի փարիզեան կեդրոնին մէջ, 11 square Alboni, 16-րդ թաղամաս:

Այդ ժողովին ներկայ եղած են Սթեֆան Ասլանեան (Իսիի Համազգային-Թարգմանչաց), Ժագ Յակոբեան (Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան), Համբիկ Յովսէփեան (Վալանսի ապագայ վարժարան), Հայկ Սարգիսեան (ՌենսիիԴպրոցասէր), Աղաւնի Սարըքայա (ՌենսիիԴպրոցասէր), Նորվան Արք. Զաքարեան (հրաւիրեալ), Անահիտ Յակոբեան (CCAF-ի գործադիրի օգնական), Սամուէլ Շնորհօքեան (CCAF-ի քարտուղար): Յանձնաժողովի ներկայացուցիչներ նշանակուած են.-

Ալֆորվիլի Արապեան վարժարանին՝ Գարին Լեռեան, Իսիի Համազգային-Թարգմանչացին՝ Սթեֆան Ասլանեան եւ Մարալ Քարաօղլանեան, Արնուվիլի Հրանդ Տինքին՝ Կարապետ Տագէսեան, Լիոնի Մարգարեան-Փափազեանին՝ Ժագ Յակոբեան, ՌենսիիԴպրոցասէրին՝ Աղաւնի Սարըքայա եւ Հայկ Սարգիսեան, Վալանսի ապագայ վարժարանին՝ Համբիկ Յովսէփեան եւ Մարի-Անժ Սիրանոսեան, CCAF-ի՝ Սամուէլ Շնորհօքեան եւ Անահիտ Յակոբեան:

Խորհրդածութեան վերոնշեալ երեք խումբերուն համար առաջարկուած են հետեւեալ անունները.-

- Ֆրանսայի մէջ, հայ 5-րդ սերունդի աշակերտութեան մասին խորհրդածութեան խումբին համար՝ Կարապետ Տագէսեան, Ժագ Յակոբեան եւ Համբիկ Յովսէփեան:

- Մանկավարժական հարցերու խորհրդածութեան խումբին համար՝ Հայկ Սարգիսեան, Մարալ Քարաօղլանեան, Նորվան Արք. Զաքարեան:

- Ինչ կը վերաբերի վարչական եւ ելմտական յանձանձումի խորհրդածութեան խումբին՝ առաջին փուլին Հայկ Սարգիսեան եւ Սթեֆան Ասլանեան CCAF-ի քարտուղարութեան պիտի ներկայացնեն ամենէն հրատարապ հարցերը, որոնք արդէն յանձնուած են Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարութեան ուշադրութեան: Սթեֆան Ասլանեան եւ Անահիտ Յակոբեան միասնաբար պիտի մշակեն հաղորդակցութեան առաջին ձեւերը:

Յաջորդ ժողովը նախատեսուած է մարտ ամսուն, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին խորհրդածութեան խումբերու առաջին հաշուեկշիռները:

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019