ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Վաղը համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ պիտի դարձնեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Այսպէս, Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ նախատեսուած են կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները։

Սիրոյ սեղանի ընդառաջ նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ դպրոցի կամաւորներէ բաղկացեալ մատակարար մարմինը։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս շատ հաճելի էր Հորոզօղլու ամոլին հետ զրուցելը։ Անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին «Հրանդ Տինք» դպրոցի այժմու կացութեան, կարիքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։ Մեր համայնքի զօրակցութեան հասկացութեան, իրերօգնութեան տրամադրութիւններու խորհրդանշաններէն մին է այս դպրոցը։ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքիս մէջ կայք հաստատած, հանապազօրեայ հացի պայքարի ձեռնամուխ ընտանիքներու զաւակներուն ջերմ բոյնն է «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Մեծ ընտանիքի մը նման՝ զոհողութիւնով եւ մեղուաջան աշխատանքով յառաջ կը տարուի այս դպրոցի գործունէութիւնը։ Մէկ կողմէ նիւթական դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ յարակից բազում հարցեր տարիներէ ի վեր կը ծառանան այս դպրոցին առջեւ, սակայն ի վերջոյ բոլորն ալ ձեւով մը կը յաղթահարուին։ Մեր համայնքի նուիրատուներուն ալ զօրակցութեամբ «Հրանդ Տինք» վարժարանի նաւը յառաջ կ՚ընթանայ եւ այդ վիթխարի աշխատանքը, բոլոր զոհողութիւնները կ՚արդարանան, որովհետեւ շրջանաւարտներուն մեծամասնութիւնը կը վերադառնայ Հայաստան, ուր կ՚ունենայ վկայական մը եւ կը շարունակէ իր ուսումնառութիւնը։

Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները շեշտեցին, որ վարժարանը կը շարունակէ զուրկ ըլլալ իրաւական կարգավիճակէ։ Դպրոցը թէեւ ճանապարհը «հանդուրժուած» ձեւով կը շարունակէ, սակայն, անշուշտ, ան պատկան իշխանութիւններու ուշադրութեան առարկայ է ու միշտ ալ դրական վերաբերմունք կը գտնէ անոնց կողմէ։ Հորոզօղլուները դիտել կու տան, որ այս դպրոցի գոյութիւնը հեռահար ներդրում մըն է հայ-թրքական յարաբերութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսօրուան շրջանաւարտները ապագային պիտի դառնան հասարակութեան լիարժէք տարրեր եւ իրենց ուսումնական շրջանի այս սկզբնական փորձառութիւնը պիտի ապահովէ, որ անոնք այդքան ալ դիւրութեամբ չտարուին նախապաշարումներէ, հարցաքննեն կարծրատիպերը եւ նոր շունչ մը բերեն երկու հարեւան ժողովուրդներու յարաբերութեան։

Հորոզօղլու ամոլը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ այս տարի վարժարանի ֆիզիքական պայմանները հնարաւոր եղած է մասամբ բարելաւել՝ շնորհիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի վերաբերմունքին։ Անոնք յայտնեցին, որ աստիճանաբար այս դպրոցը կ՚ընկալուի պոլսահայ կրթական համակարգի անբաժանելի մասը։ Հայ ազգը վաղուց կրթութեան հնարաւորութենէ չէ զրկած իր նուազ բախտաւոր երեխաները եւ «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ ցուցաբերուելիք զօրակցութիւնը կը համարուի այդ ոգիի մերօրեայ դրսեւորումը։ Դպրոցի պատասխանատուները դիտել տուին, որ համայնքին աջակցութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի այս դպրոցի աշակերտներու թէ՛ ուսման, թէ՛ կենցաղին, թէ՛ դաստիարակութեան եւ թէ նոյնիսկ բնականոն սնման տեսակէտէ։ Ուստի, Հորոզօղլու ամոլը կոչ ուղղեց, որպէսզի այս կիրակի համայնքային շրջանակները հերթական անգամ ձեռք երկարեն այս դպրոցին, որու առաքելութիւնը ունի առանձնայատուկ բնոյթ եւ իբր այդ անոր կայունութիւնը պէտք է անպայման երաշխաւորուի։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020