ՀՐԱՅՐ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ. «ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽՆԴԻՐ ՈՒՆԻՆ ԱՐԱԳ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԵԼՈՒ ԻՆՁՄԷ»

Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի բնակարանէն ներս երէկ առաւօտ տեղի ունեցած խուզարկումը ստեղծեց շատ լայն արձագանգ։ Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցները կատարեցին այդ խուզարկումները, որոնք օրուան տեւողութեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ մնացին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցները Հրայր Թովմասեանի բնակարանին մէջ սեփականութեան վկայականներ փնտռած են։ Խուզարկման աւարտին Հրայր Թովմասեան զրուցեց լրագրողներու հետ։ Ան մատնանշեց, որ այս գործընթացէն ներս իր անձը կը համարէ երկրորդական, երրորդական եւ իրեն տեսակէտէ աւելի կարեւոր է երկրի հեղինակութիւնը։ Իր փաստաբանը՝ Ամրամ Մակինեանն ալ լրագրողներուն յայտնեց, թէ քննիչները Հրայր Թովմասեանի բնակարանին մէջ չեն գտած՝ իրենց փնտռած փաստաթուղթերը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հրայր Թովմասեան խուզարկումէն վերջ մամուլին յայտարարեց. «Օրուայ իշխանութիւնները խնդիր ունին արագ ձերբազատուելու ինձմէ։ Այն ինչ, որ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ, իմ եւ Սահմանադրական ատեանին շուրջ, կը հիմնաւորէ, թէ խնդիրները իսկապէս խորքային են»։

Հայաստանի դատախազութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ քրէական գործը կը վերաբերի՝ անոր որպէս արդարադատութեան նախարար պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին, պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020