Կիրակի 12, Յունուար 2025
ԳԱՆՁԱՏՐՈՒՄԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Թուրքիա վերջին հինգ տարուայ ընթացքին 11 անգամ աւելցուցած է պաշտպանական բնագաւառի ծրագրերու գանձատրումը։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ջուր իջեցուեցաւ տեղական արտադրութեան առաջին ռազմանաւը, որ կոչուած է «İ(F-515)»։ Նախագահ Էրտողան մասնակցութիւն բերաւ այս առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան։
«Միայն վերջին հինգ տարուան ընթացքին մենք շուրջ 350 նոր ծրագրի նախաձեռնած ենք։ Պիւտճէն կազմած է 5.5 միլիառ տոլար, սակայն, մենք պաշտպանական ծրագրերու գանձատրումը մեծցուցած ենք 11 անգամ՝ հասցնելով 60 միլիառ տոլարի», ըսաւ այս առթիւ ան։
Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021