ԵԶԱԿԻ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ եզակի վիրահատութիւն մը։ Այսպէս, իզլանտացի տղամարդ մը աշխարհի մէջ առաջին անգամ՝ ուսէն սկսեալ երկու ձեռքի փոխպատուաստում (փրոթեզ) ստացաւ։ Եւրոպական մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտաւ այս իրադարձութիւնը։ Ենթական 23 տարի առաջ՝ աշխատանքի ընթացքին պատահարի մը հետեւանքով կորսնցուցած էր երկու ձեռքը։ Ըստ բժիշկներու, փոխպատուաստման վիրահատութենէն վերջ ենթակային վերականգնումը լաւ ընթացք ունի։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին անորոշ է, թէ ի՞նչ աստիճանով վերականգնուած պիտի ըլլայ իր շարժունակութիւնը։ «Եթէ ան կարողանայ վերականգնել իր արմուկը ծալլելու հնարաւորութիւն, ապա սա կ՚ըլլայ կեանք փրկող», կը յայտնեն մասնագէտները։ Կը հաղորդուի, որ տարիներ տեւած է այս հիւանդին համար «տոնէօր» մը գտնելը։ Շուրջ 50 հոգիէ բաղկացեալ բժշկական անձնակազմ մը ներգրաւուած է վիրահատութեան նախապատրաստման գործընթացին։

Այս աննախընթաց վիրահատութիւնը իրականացուած է հայազգի մասնագէտի մը՝ Արամ Ղազարեանի մականին ներքեւ։ Ան Լիոնի տուեալ հիւանդանոցի վիրահատութեան բաժանմունքի գլխաւոր վիրահատն է։ Արամ Ղազարեան ծանր գործողութենէն վերջ բացատրութիւններ ալ տուած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021