ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ալիռըզա Ռազմհուսէյինի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Ապտիւլնասեր Հեմմաթիի կողմէ։ Հանդիպումներուն մասնակցեցան Իրանի պետական մարմիններու եւ տնտեսութեան ոլորտի լայն շրջանակի ներկայացուցիչներ։ Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներու, ինչպէս նաեւ առանձին ծրագրային առաջարկներուն։ Երկու նախարարները յուշագիր մըն ալ ստորագրեցին իրենց հանդիպումէն վերջ։

Հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ «Mammut» արդիւնաբերական համալիր եւ «Cinnagen» դեղագործական ձեռնարկութիւն։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021