ԽՈՍՏՈՒՄԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Ուաշինկթընի մէջ նոր վարչախումբի մը գործի գլուխ գալուն զուգահեռ՝ հայկական հարցի վերաբերեալ լսումներն ալ վերստին շրջանառութեան մէջ մտան։ Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն ներս ամենայն հաւանականութեամբ պետական քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Էնթընի Պլինքըն, որ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելէ վերջ՝ ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ նաեւ հայկական հարցին։

Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Էնթընի Պլինքըն վերահաստատած է նախագահ Ճօ Պայտընի նախընտրական խոստումը հայկական հարցին կապակցութեամբ։ Ըստ Պլինքընի, Ճօ Պայտըն խոստացած է սատարել հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղեալ բանաձեւի մը ընդունման։ «Մեր վարչակազմը պիտի պարտաւորուի գերակայութիւն տալու մարդու իրաւունքներու եւ ապահովելու, որ նման ողբերգութիւնները չկրկնուին», յայտնած է Պլինքըն։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021