ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան կը պատրաստուի համաշխարհային շրջագայութեան։ Այս ամբողջին մէջ ան հերթական անգամ աշխարհով մէկ սփռուած իր համակիրներուն առջեւ հանդէս պիտի գայ կատարումներով, որոնք առիթ պիտի հանդիսանան, որպէսզի բոլորը ականատես ըլլան իր անկրկնելի վարպետութեան։

Այս ամբողջին մէջ, յառաջիկայ մարտի 17-ին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է Արա Մալիքեանի համերգը։ Այսպէս, ան պիտի նուագէ նշանաւոր «Քարնեկի հոլ»ի մէջ։

Լիբանանահայ արուեստագէտ Արա Մալիքեան երաժշտական աշխարհէ ներս կը համարուի իսկական հեղինակութիւն մը։ Իր կատարումներուն տեսագրութիւնները լայն ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։

Մինչեւ մօտաւոր անցեալը, քորոնաժահրի համաճարակի սկսիլը՝ Արա Մալիքեան վերջին շրջանին պարբերաբար նուագելու կու գար նաեւ Թուրքիա։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022