ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐ, ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԵՒ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԱԾ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ

9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 3-րդ եւ 9-րդ կէտերու վերընթերցումը զուգահեռային գիծեր կը ներառէ եւ կ՚առընչուի այսօր ընթացող Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին:

9 նոյեմբերի յայտարարութեան 3-րդ կէտը կ՚արձանագրէ.

«Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայւում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ թւում՝ հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր աւտոմոպիլային եւ յատուկ տեխնիքա»:

Իսկ 9-րդը՝ «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակւում են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը երաշխաւորում է փոխադրական կապերի անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ՝ երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու համար: Փոխադրական հաղորդակցութեան հսկողութիւնն իրականացնում են ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:

3-րդ կէտին մէջ օգտագործուած է «միջանցք» եզրը: 9-րդ կէտին մէջ առանց եզրի օգտագործման կայ միջանցք հասկացողութեան գաղափարը:

Միջանցքը կ՚ընկալուի արտատարածքային յղացքով: Այսինքն՝ տուեալ պետութեան սահմաններուն մէջ այլ պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք: Լաչինի կարգավիճակը ամրագրուած է իբրեւ միջանցք:

Մեկնաբանելի է 9-րդ կէտին մէջ նշուած վերջին բաժինը: Հաստատելէ ետք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ կ՚երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային կապերը, կ՚արձանագրէ, որ հսկողութիւնը կը կատարեն ռուսական զօրքերը: Անվտանգութեան երաշխաւորումը՝ հայաստանեան, հսկողութիւնը՝ ռուսական: Խառն է բնութագրումը: Կրնայ մեկնաբանուիլ թէ՛ հայաստանեան գերիշխանութեան անխախտելիութեան, թէ այլ պետութեան հսկողութեամբ՝ միջանցքային տրամաբանութեան:

Երկրորդ բաղադրիչի գերադասման պարագային արդէն կը մօտենանք արտատարածքայինի յղացքին եւ միջանցքային տրամաբանութիւնը տեսանելի կը դառնայ: Որով նաեւ անընդհատ նոյն նիւթի արծարծումը՝ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ:

Միջանցք միջանցքի դիմացն է, որ այս պարագային տեսք կը ստանայ: Լաչինի միջանցքի դիմաց Զանգեզուրեան միջանցքը: Նկատելին այն է, որ երկուքն ալ կը վերահսկուին ռուսական զօրքերուն կողմէ:

Արցախեան հակամարտութեան եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու թղթածրարներու փոխկապակցուածութեան կարեւոր ուղղութիւն է նաեւ միջանցքներու զուգահեռը:

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը միայն այս պարագային է, որ կը թեւակոխէ բովանդակային բանակցային փուլ: Անգարան ի՛նք շահագրգռուած կ՚ըլլայ Ատրպէյճանին միանալով: Թէկուզ ռուսական հսկողութեամբ, այնուամենայնիւ Թուրքիան Նախիջեւանի եւ Հայաստանի վրայով Ատրպէյճանին միացնող ճանապարհով:

Այդ ճանապարհի տրամադրումը գործընթացային նպատակը կը վերածէ բովանդակայինի եւ բաւարարած կ՚ըլլայ Զանգեզուրեան միջանցքի նախապայմանը:

Դասական նախապայմաններէն երկուքէն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ տարածքային պահանջներէ հրաժարումը կրնայ վերադառնալ այլ տեսքով: Անվտանգային այլ հարթակներու ձեւաչափերով («3+3» կամ «3+2»), ուր պէտք է հարթուած ըլլան անդամակցող պետութիւններուն միջեւ պատմական կամ տարածքային վէճերը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022