ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԸՆԹԱՑՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տրամաբանական կ՚ըլլայ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման ապահովուիլը, բայց դժուար է կանխատեսել ժամկէտները։

Երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան սարքեց հերթական առցանց մամլոյ ասուլիսը։ Հեռավար դրութեամբ ան պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Իր խօսքերէն կարելի էր հետեւցնել, թէ ներկայիս յուսադրիչ ընթացք մը ունի Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ սկիզբ առած կարգաւորման գործընթացը։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Երեւան ամենայն հաւանականութեամբ ընդառաջէ Անգարայի հրաւէրին՝ մասնակցելով Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին։ «Մեծ հաւանականութեամբ Հայաստան ընդունի Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուելիք Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու հրաւէրը, բայց ամէն ինչ կախուած է այդ պահու իրավիճակէն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ձեւաչափ մը ստեղծուած է, արդէն իսկ տեղի ունեցած է յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը։ Ան շարունակեց. «Ես կը կարծեմ, որ եթէ այս թափը պահպանուի, շատ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Հայաստան այդ ֆորումին մասնակցելու հրաւէրը ընդունի։ Ի հարկէ, ամէն ինչ կախուած է այդ պահու իրավիճակէն, բայց, յամենայնդէպս, առաջին հանդիպումէն յետոյ կը մեծնայ հաւանականութիւնը, թէ Հայաստան կ՚ընդունի այդ հրաւէրը։ Որովհետեւ, եթէ խօսակցութիւն սկսած է, շատ անտրամաբանական կ՚ըլլայ, եթէ մենք խօսելու այդ առիթը եւ հնարաւորութիւնը բաց թողենք՝ առաւել եւս, որ շատ աւելի լայն համատեսքի մէջ քննարկումներ իրականացնելու հնարաւորութիւն կ՚ունենանք»։

Նոյն հարցին կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը շատ նախանձախնդիր է եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման նկատմամբ՝ սկսելով Ռուսաստանէն, Եւրոմիութենէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Փաշինեանի կարծիքով՝ տարածաշրջանի երկիրներն ալ շատ շահագրգռուած են այս հարցով։ «Ճիշդ է՝ խաղաղութեան օրակարգը մենք կը բարձրաձայնենք, բայց կը կարծեմ՝ խաղաղութեան օրակարգը հետաքրքրական է բոլորին համար», ըսաւ ան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումը նախատեսուած է յառաջիկայ մարտի 11-13-ին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու քանի մը օր առաջ տեղեկացուցած էր, որ Հայաստան նոյնպէս հրաւիրուած է այդ ֆորումին։ Երեւանէն ալ հաղորդուած էր, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի այդ ֆորումին մասնակցելու նպատակայարմարութիւնը քննարկման կ՚ենթարկուի։

Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ բաւական դրական պատգամներ հնչեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Վարչապետը ըսաւ. «Ես չեմ կրնար կանխատեսել՝ այս տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել հնարաւոր կ՚ըլլա՞յ Թուրքիոյ հետ, թէ ոչ, որովհետեւ, սա միայն մեզմէ կախեալ չէ։ Բայց շատ տրամաբանական կ՚ըլլայ, եթէ մենք. օրինակ՝ հասնինք այնպիսի արդիւնքի՝ մասնաւորապէս դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման։ Սա միջազգային վերլուծութիւններու մէջ կարմիր գիծով կ՚անցնի, որ եթէ այս գործընթացը շատ երկար ձգուի առանց որեւէ արդիւնքի, ապա սովորական բան մը կը դառնայ եւ անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը կորսուի։ Ես կը կարծեմ՝ հիմնական խնդիրը հետեւեալն է. արդեօք Հայաստան եւ Թուրքիա անկեղծօրէն շահագրգռուա՞ծ են առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները կարգաւորելով։ Ես մեր կողմէ կրնամ ըսել՝ միանշանակ այո։ Եւ այդպիսի հնարաւորութիւն կայ։ Նախորդ բոլոր իշխանութիւնները եւս այդ դիրքորոշումը ունեցած են»։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ չի կրնար երաշխիքներ տալ, թէ Թուրքիա գործընթացի ինչ-որ փուլին մէջ նախապայմաններ յառաջ չի քշեր, ինչպէս եղած էր Ցիւրիխի արձանագրութիւններուն ժամանակ։

Առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստան երբեք կասկածի տակ չէ դրած Թուրքիոյ հետ սահմանը եւ հայ դատը երբեք չէ որդեգրած՝ որպէս քաղաքականութիւն։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք հայ դատի քաղաքականութիւն չէ վարած։ Աւելի՛ն, օրինակ՝ 2005-ին Ռոպերթ Քոչարեան հրապարակայնօրէն յայտարարած է, որ Հայաստան Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ եւ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքի յաւակնութիւններ չունի։ Այս յայտարարութեան յղում ըրած է նաեւ Սերժ Սարգսեանը։ Հայ դատը երբեք Հայաստանի քաղաքականութիւնը չէ եղած եւ Հայաստան երբեք կասկածի տակ չէ դրած Թուրքիոյ հետ սահմանը։ Դուք չէք գտներ Հայաստանի որեւէ ղեկավար կամ կառավարութիւն, որ կասկածի տակ դրած ըլլայ Թուրքիոյ սահմանը։ Մենք այս քաղաքականութենէն չենք հրաժարած», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ իր գլխաւորած կառավարութեան ծրագրին մէջ ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ վերաբերմունքը արդէն յստակացուած է։ «Այնուամենայնիւ, պէտք է արձանագրենք, որ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի շարժիչ ուժը միշտ ալ եղած են սփիւռքը եւ սփիւռքի կազմակերպութիւնները», ըսաւ վարչապետը։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022