ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Քաղաքիս յոյն համայնքը ներկայ տարեմուտին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն՝ վերակենդանացնելով նաեւ իր աւանդութիւնները։ Այս շրջանակին մէջ յատկանշական էր՝ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած երիտասարդական ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Եըլտըզի «Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ։ Այսպէս, Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Թուրքիոյ բոլոր յունական վարժարաններու սաներուն հետ։ Ան այս առթիւ շրջապատուեցաւ շուրջ 300 պատանիներու կողմէ եւ անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։ Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ Նորին Սրբութիւնը հատեց Կաղանդի աւանդական չէօրէկները, որոնց համտեսը արդէն մթնոլորտի խանդավառութիւնն ու զրոյցներու քաղցրութիւնը հասցուց գագաթնակէտին։

Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Ճէորճիօ Սուլթանափուլօ, հոգեւոր հայրեր, քաղաքիս յունական հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ RUMVADER-ի ատենապետ Եորկօ Փափալիարիս։ Աւանդական հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ նաեւ արժեւորելու համար Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակը։ Ցուցադրուեցաւ այս յոբելեանին առթիւ պատրաստուած տեսանիւթ մը։ Յայտագրի տեւողութեան աշակերտներն ալ Ամանորի բնորոշ խմբերգներով հանդէս եկան։

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն իր օրհնութիւնը տուաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք եւ բոլոր մասնակիցներուն բաժնեց նուէրներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023