ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ՝ ԽՕՍՔԻ ԵՒ ՄԵՂԵԴԻԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ

Այս ամսավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համերգ մը՝ նշանաւորումն հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին։ Այս մեծ ձեռնարկը նախատեսուած է մաէսթրոյի ծննդեան օրը՝ յունուարի 27-ին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ «Մանսուրեան. խօսքի եւ մեղեդիի խաչմերուկին» խորագրեալ այս համերգին ժամանակ պիտի հնչեն Տիգրան Մանսուրեանի «8 հայրէն սիրոյ, պանդխտութեան եւ լուսնեակ գիշերներու» ստեղծագործութիւնը եւ «Օրհներգ-նաւապետ բարի» գործը։ Առաջինին կատարումը համաշխարհային փրէօմիէր մը պիտի ըլլայ, իսկ երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պիտի նուագուի։

Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին ձօնուած համերգին հանդէս պիտի գան Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը, Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը։ Մաէսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ պիտի հնչեն կատարումները։ Պարիթոն Տիգրան Քախվէճեան հանդէս պիտի գայ մեներգներով, իսկ Բաբգէն Չոպանեան՝ ասմունքներով։

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Տիգրան Մանսուրեանի անունով հաստատուած միջազգային մրցոյթի շրջանակներէն ներս։ Ծրագրին կ՚աջակցին «Կողբ» հիմնադրամն ու «Fast» դրամատունը։

Այս բացառիկ համերգին ընդառաջ Տիգրան Մանսուրեանին համար կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ Ռոպերթ Մլքէեանի եւ ծրագրի հովանաւորներուն հետ։ «Ինքզինքս հայ երգեցողական արուեստի քոմփոզիթէօր կը համարեմ», ըսաւ այս առթիւ մեծանուն վարպետը՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։ Տիգրան Մանսուրեան համոզուած է, թէ հայոց լեզուն, հայ բանաստեղծական արուեստն ու հայ երաժշտութեան կապը խթանելու պահանջ կայ։ Ան այս ուղղութեամբ աշխատած է տակաւին ուսանողական տարիներէն սկսեալ։

«Ես հայ գրականութեան երաժիշտ կը համարեմ ինքզինքս, հայ երգեցողական արուեստի քոմփոզիթէօր կը համարեմ ինքզինքս», շեշտեց մաէսթրոն եւ աւելցուց, որ այժմ կ՚երազէ՝ հայոց գլխավերեւին խաղաղ երկինք մը ըլլալը։ «Մեր իրականութեան մէջ կան առաջնային խնդիրներ, որոնց քիչ թէ շատ լուծում տալէ յետոյ կրնաս ինքզինքիդ երգելու իրաւունք տալ։ Մինչեւ երգելը կան կարգ մը բաներ, որոնք պէտք է ընել։ Կը մտածեմ, թէ այդ իրաւունքը ձեռք բերելու պայմաններ պէտք է ստեղծել։ Իմ երազանքը այդ իրաւունքը ձեռք բերելն է», եզրափակեց Տիգրան Մանսուրեան։

Իր կարգին, Ռոպերթ Մլքէեան յայտնեց, որ Մանսուրեանի նման արուեստագէտի մը երաժշտութեան պարագային սխալ է «դժուարութիւն» որակումը օգտագործել։ Արդարեւ, նման յօրինողներու գործերը չեն կրնար դիւրին ըլլալ։ «Պէտք է հմուտ ըլլալ Մանսուրեանի գործերը կատարելու համար», ըսաւ Մլքէեան եւ աւելցուց, որ ինք մաէսթրոյին հետ երկար տարիներու ստեղծագործական ճանապարհ մը անցած է, զիրար դիւրին կը հասկնան եւ սիրով կը համագործակցին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023