ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ

Երեւանի ղեկավարութիւնը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել Արցախի պաշարման դէմ։ Արդէն շուրջ 45 օրէ ի վեր Արցախը պաշարուած է եւ աշխարհի հետ կապ չունի։ Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսելի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նիստին ընթացքին։ Ժողովը գլխաւորեց կոմիտէի նախագահը՝ Տէյվիտ Մաքէլիսթեր։ Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ.

«Մենք չենք կրնար մէկ կողմ քաշուիլ եւ հետեւիլ, թէ ինչպէս մարդիկ դանդաղօրէն սովամահ կ՚ըլլան՝ քաղաքական խաղերու եւ, գուցէ, աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու պատճառով։ Թոյլ տուէք ուղիղ ըսել՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը յաղթահարելու երկու տարբերակ կայ. ռազմական կամ դիւանագիտական։ Հայաստան հաւատարիմ է երկրորդ տարբերակին, բայց սա հնարաւոր է միայն միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական միջամտութեան, Ատրպէյճանի վրայ ուժեղ ճնշման եւ այդ ուղղութեամբ շօշափելի գործողութիւններու պարագային։ Գործելու ժամանակը հիմա է։ Ատրպէյճան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի իր գործողութիւններուն համար։ Ատրպէյճանին պէտք է բացատրել, որ կան միջազգային կանոններ, որոնց բոլորը պէտք է ենթարկուին»։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՐԱՏԵՒ ՋԱՆՔԵՐ

Մինչ Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարուած եւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման ուղղութեամբ Ռուսաստանի խաղաղապահներու ջանքերը կը մնան ապարդիւն, Մոսկուայի կողմէ յայտարարութիւններն ալ արծարծուած կը պահեն թէ՛ խնդիրները եւ թէ սպասումները։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ այս հարցին։ «Ռուսաստան՝ որպէս մասնակից Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն, կը շարունակէ տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի երկխօսութիւններուն մէջ», յայտնեց Փեսքով ԹԱՍՍ գործակալութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին մամլոյ ասուլիսին ժամանակ օրակարգի վրայ բերած էր Արցախի մէջ ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ բազմազգ խաղաղապահներ տեղակայելու հարցը՝ քննադատելով ռուս խաղաղապահները։ Այդ ժամանակ Փեսքով արձագանգած էր, թէ խաղաղապահներու տեղակայման համար անհրաժեշտ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հաւանութիւնը։

Փեսքով երէկուան յայտարարութիւնն ալ ըրաւ՝ արձագանգելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած կոչին, որպէսզի Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբացուի։ Պատասխանելով այն հարցման, թէ Քրեմլին համամի՞տ է Ուաշինկթընի կոչին՝ Տիմիթրի Փեսքով ըսաւ. «Ռուսաստան՝ որպէս երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմանի համաձայնագրերու եւ փաստաթուղթերու կողմերէն մին, կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ կը շարունակէ չափազանց տքնաջան ու բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ»։

Քրեմլինէն հնչած այս յայտարարութիւններուն առընթեր, երէկ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ հերթական յայտարարութիւնը ըրին՝ ռուս խաղաղապահներու Արցախի առաքելութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, տեղեկացուեցաւ, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին, որպէսզի Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով անխոչընդոտ շարժը վերսկսի։ Ըստ յայտարարութեան, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը։ Ռուս խաղաղապահներու կողմէ երեսուն դիտակէտերու վրայ իրադրութեան շուրջօրեայ դիտարկում եւ հրադադարի դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն կ՚իրականացուի։ Բաց աստի, ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը, որպէսզի Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ Ռուս խաղաղապահները կ՚իրականացնեն պարեկութիւն եւ օրուան ընթացքին կը զբաղին ականազերծման աշխատանքներով։ «Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահները անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հաւանական դէպքերը կանխելու նպատակաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւններուն հետ շարունակական համագործակցութեան մէջ են», մատնանշուած է նախարարութեան կողմէ։

Ի լրումն այս բոլորին, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնն (ՀԱՊԿ) ալ կը շարունակէ ուշադրութիւն ցուցաբերել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութեան նկատմամբ։ Այսպէս, երէկ ՀԱՊԿ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ կը շարունակուին դիտարկումները դէպի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը դիտորդական առաքելութիւն մը ուղարկելու նպատակով։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Եւրոմիութիւնը որոշած էր քաղաքացիական առաքելութիւն մը ուղարկել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը։ ԵՄ-ի այս որոշման համայնապատկերին վրայ է, որ ՀԱՊԿ հնարաւոր կը նկատէ դէպի Հայաստան դիտորդական առաքելութեան մը ուղարկուիլը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՌԱՅԻՍԻ

Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հիւրընկալեց Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Պիաչեսլաւ Վոլոտինը։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Թեհրան-Մոսկուա համագործակցութիւնը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ տարածաշրջանային շահերու տեսակէտէ։ Իր համոզմամբ, Իրանի եւ Ռուսաստանի կարողութիւնները կրնան զիրար լրացնել՝ ապահովելով փոխադարձ եւ տարածաշրջանային շահեր։

Բաց աստի, երէկ, Թաշքենթի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարաց կոմիտէի նիստին առթիւ անոնք կը գտնուէին Թաշքենթի մէջ, ուր ունեցան հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրները բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չեն հաղորդած։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023