ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՐԻ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒՄԸ

Այս պահու դրութեամբ, Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնունայն է՝ առանց Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին։ Ո՛չ միայն փոխուած են խաղի կանոնները, այլ իրավիճակը հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր կը մատնուի Ռուսաստանի անգործութիւնը։ Այս բոլորը, բնականաբար, չեն բխիր հայկական ընդհանուր շահերէն՝ մանաւանդ այս օրերուն, երբ տակաւին նոր պիտի գծուին խաղի նոր սահմանները։

Հայկական կողմին համար ցարդ անընդունելի են 2020 թուականի ծանր պատերազմին արդիւնքները։ Այստեղ հալածիչ ուրուականի մը նման կը շարունակէ յոյսի մեծ շատրուան մը հանդիսանալ այն մօտեցումը, թէ ի՛նչ ալ ըլլան գործօնները, Ռուսաստան պիտի արթննայ իր մեծ թմբիրէն ու պիտի անցնի յստակ եւ բանաձեւուած գործողութիւններու։ Իրականութիւնը, սակայն, այլ տեղ է։ Այդ մասամբ երեւելի իրականութեան բնականօրէն ագուցուած է Ուքրայնայի մեծ պատերազմին ամբողջ բեռը, որուն տակէն դուրս գալը պիտի ըլլայ բաւական բարդ ու դժուար՝ նոյնինքն Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութինի համար։

Այստեղ կայ, անշուշտ, հաշուարկ մը, ըստ որուն ինչ ալ ըլլան պատերազմի հետեւանքները՝ Մոսկուա դարձեալ կանգուն ձեւով դուրս պիտի գայ այս բոլորէն ու պիտի նստի բանակցելու Արեւմտեան պլոքի ներկայացուցիչներուն, բայց յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Այս հաշուարկը, բնականաբար, սխալ չէ ու այս առումով ալ կան խօսակցութիւններ, կը լսուին ձայներ, թէ Արեւմուտք-Ռուսաստան գաղտնի բանակցութիւններ կ՚ընթանան միշտ նշաձող դարձնելով ԱՄՆ-ի կողմէ յառաջ քշուած բնաբանը։ Այստեղ հիմնական խորագիրն է. «Ինչ ալ ըլլան պայմանները, Ռուսաստան պէտք չէ պարտուած ու կոտրուած դուրս գայ այս ամէն ինչէն»։

Այլ ճակատի վրայ սկսած են որոշակի նախանշաններ յայտնուիլ այն մասին, թէ յառաջիկայ փուլերուն Ռուսաստան պիտի չունենայ իր որոշադրող ներկայութիւնը այն շրջաններուն մէջ, որոնք տարբեր առումներով ալ դարձած էին ուղենշային Վլատիմիր Փութինին համար։ Այդ շրջաններուն ամենէն կարեւորը, բնականաբար, Սուրիան է, ուր ներկայիս ալ տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Այս օղակին մէջ աւելի քան յայտնի է, որ Մոսկուա կարիքն ունի Անգարայի աջակցութեան՝ պահպանելու համար վերջին տարիներուն ստեղծուած սթաթիւքոն։ Հետեւաբար, սպասելի է, որ նոյն հարթութեան վրայ Մոսկուա փորձէ ի վերջոյ իրականութիւն դարձնել Էրտողան-Էսատ ձեռքսեղմումը, որուն յենլով ալ ռուսերը գէթ երեւութապէս պիտի պահեն իրենց դերակատարութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Ռուսական կողմին համար անչափ կարեւոր է ո՛չ միայն Սուրիոյ կազի պաշարներուն կառավարումը, այլեւ մասնակցութիւնը Սուրիոյ վերակառուցման, որ տարբեր պատճառներով կը յապաղի ու դեռ ալ կրնայ յապաղիլ։

Ու այստեղ է, անշուշտ, որ պիտի գծուին նոր սահմանագիծեր եւ պիտի տնօրինուին նոր խաղաոճեր, որոնց իրականացումը կրնայ յուսալիօրէն Սուրիան դուրս բերել այն տիղմէն, որուն մէջ ալ այդ երկիրը կը տապլտկի։ Եթէ այս բոլորը հաշուի առնենք, ապա պիտի նկատենք, որ Ռուսաստան կրնայ հրաժարիլ իր նախկին յառաջատարի դերէն ու անցնիլ երկրորդ խաղացողի դերին ո՛չ միայն չսպառելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր մնալու պատճառաբանութիւնները, այլեւ ապագայի համար ապահովելով տարբեր որակի դերակատարութիւն մը։ Եթէ իրերը այդ հունով ընթանան, ապա չի բացառուիր, որ յաջորդ առեւտուրի կանոնները յարգելով՝ Մոսկուա պիտի ընդունի իրեն բախտ վիճակած կացութիւնը եւ ատոր փոխարէն ալ լեզու պիտի գտնէ սիւննի տէրութիւններու հետ, անոնցմէ կրնայ ստանալ գործի նոր առիթներ, ամուր համագործակցութիւն եւ դէպի ապագայ նոր ծրագիրներ։

Հետեւաբար, այս մեծ համայնապատկերին վրայ աւելի յայտնի կը դառնայ, թէ Հարաւային Կովկասը, որ մեծ կարեւորութիւն ունի հայութեան համար, առաջուան նման պիտի չըլլայ ռուսական հաշուարկներուն մէջ։ Գուցէ այդ մէկը երեւելի ալ չէ, սակայն, փաստը կը խօսի այն մասին, թէ մինչեւ այս պահը փակ մնացած Լաչինի մարդասիրական միջանցքին բացումը կարելի չդարձաւ ռուս խաղաղապահներուն միջոցաւ։ Սա, անշուշտ, փոքր նշան մըն է, թէ ի՛նչ դիրքերու մէջ է Ռուսաստան Հարաւային Կովկասի մէջ։ Գուցէ այդ դերին մէջ որոշակի անհոգութիւն մը կա՞յ կամ այս վարքին մէջ այլ խնդիրներու լուծման հասնելու փութկոտութիւն մը գոյութիւն ունի՞, դեռ յստակ չէ… Միայն յստակ է, որ ռուսերը չունին առաջուան ազդեցութիւնը եւ ներուժը, որոնց շնորհիւ ալ երկար տարիներ կարողացան պահպանել 1994 թուականի հրադարարով ամրագրուած կացութիւնը։ Այս մեծ տագնապին մէջ ամենատխուրը ռուսական կողմի թուլացումը չէ, հարկաւ, այլեւ՝ ռուսական դերի նուազումին նկատմամբ հայկական կողմի թերահաւատ մօտեցումը։ Կարծրատիպ է գուցէ, որ հայերու ուղեղներուն մէջ տեղաւորուած է։ Կը խօսուի բանի մը մասին, որ հայոց համար արեւոտ ու բախտաւոր օր մը ռուսը պիտի հանէ իր պատեանէն «Իվան սարսափելի»ի՝ արդէն ժանգոտած թուրը եւ աջ ու ահեակ պիտի սկսի ջարդ տալ։ Ջարդել ի վերջոյ հայ ժողովուրդի բոլոր հեռու ու մօտիկ, մեծ ու փոքր թշնամիները եւ Հայաստանի համար ապահովել խաղաղ ու ապահով երկինք… Սա է մեծ ողբերգութիւնը ու աւելի ալ մեծ՝ այս ողբերգութեան չգիտակցիլը։

Այդ ժամանակները անցեալին կը պատկանին ու այդ մասին Ռուսաստանի գլխաւոր գերագոյն հրամանատար Փութին վաղուց յայտարարած է եւ զգուշացուցած։ Սակայն, իրականութիւնը այլ տեղ, իսկ հայկական կողմին մէջ ապրող ու զայն պատէ-պատ զարնող կարծրատիպերը կամ ախտերը այլ կողմ…

Փութինի Ռուսաստանին ձեւափոխութիւնը արդէն փաստ է։ Հիմա կարեւորը այդ փաստերու աչքին մէջ նայիլն ու այդ առումով գործողութիւններու երթալն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023