«ՀԱՅԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ «Հայկեան» մրցանակաբաշխութիւնը, որու նպատակն է խրախուսել երիտասարդական կազմակերպութիւնները, յաջողութիւններ արձանագրած երիտասարդները, ներառեալ ուսանողներու ձեռքբերումները։ Աւանդական դարձած այս մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի եւս հանրային կարծիքին անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Մրցանակներ շնորհուեցան շարք մը անուանակարգերու մէջ. ինչպէս՝ լաւագոյն երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը Երեւանի մէջ, լաւագոյն երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը մարզերու մէջ, ինքնատիպ երիտասարդական նախագիծ, ուսանողական խորհուրդի լաւագոյն նախագահ, լաւագոյն միջհամալսարանական ծրագիր, լաւագոյն երիտասարդական հաղորդում, լրատուական նախագիծ, լաւագոյն միջազգային կառոյց, լաւագոյն երիտասարդական գիտական նուաճում, լաւագոյն ուսանողական ինքնակառավարում։ Աւանդական անուանակարգերուն առընթեր շնորհուեցան նաեւ յատուկ մրցանակներ։ Այս շրջագծով Նախագահ Սերժ Սարգսեան պարգեւատրեց նաեւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը, որ բոլորած է տասնամեայ յոբելեանը։ Երիտասարդական եւ հանրութեան շրջանակներէն ներս դասական արուեստի տարածման ուղղութեամբ ունեցած աւանդին համար այս մրցանակը յանձնուեցաւ։ Նախագահ Սարգսեան մրցանակը յանձնեց նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեանին։
Երեկոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, թէ միշտ հաճոյքով կը մասնակցի «Հայկեան» մրցանակաբաշխութեան։ Արդարեւ, «Հայկեան» մրցանակաշխութեան առթիւ կը ստեղծուի մթնոլորտ մը, ուր կը գովաբանուի, կը գնահատուի, կը խրախուսուի նոր գաղափարը, նոր նախաձեռնութիւնը, բարի գործը, ինչ որ ոչ միայն հաճելի է, այլ նաեւ օգտակար, որովհետեւ մարդ կը ստանայ դրական լիցք։ Սերժ Սարգսեան մրցանակաբաշխման մթնոլորտը համարեց ոգեւորիչ։ «Ոգեւորիչ է, որովհետեւ այս դահլիճին մէջ այսօր մեր ականատես եղածը կապուած է մեր երկրի ապագային, մեր գալիքին հետ։ Ծեծուած խօսքեր են, բայց միշտ անհրաժեշտութիւն կայ կրկնելու, որ հայրենիքի ապագան միշտ երիտասարդներու ձեռքին մէջ է։ Դուք բոլորդ փայլուն մարդիկ էք, լաւ երիտասարդներ էք։ Մեր երիտասարդութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, անկեղծ կ՚ըսեմ, փայլուն է, ուղղակի, կը պաշտպանէ մեր հայրենիքը։ Այսօր մեր Հանրապետութեան ամենաերիտասարդական կառոյցը հայկական բանակն է։ Մեր երիտասարդները ձեռքբերումներ ունին բոլոր ոլորտներուն մէջ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ ընդգծեց, թէ Հայաստան բոլոր ոլորտներու մէջ ունի յաջողութիւններ, շնորհիւ իր երիտասարդներուն։