ԱՄՆ-Ի ԵՒ ԵՄ-Ի ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՍՆԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ սուրիահայոց համարկման հարցին մէջ պետութիւնը կը զգայ Սփիւռքի աջակցութեան կարիքը։ Ըստ նախարարին կողմէ ներկայացուած տուեալներուն, Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով ընդհանուր առմամբ շուրջ 20 հազար սուրիահայեր մուտք գործած են Հայաստան, իսկ անոնց 16 հազարը արդէն հաստատուած է երկրին մէջ։ Պետութիւնը ջանքեր կը գործադրէ անոնց խնդիրներու լուծման եւ համարկման ապահովման ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, երկու կարեւորագոյն խնդիրներուն՝ բնակարանի եւ աշխատանքի պարագային Հայաստան ի վիճակի չ՚ըլլար առանձին դիմագրաւել բոլոր կարիքները։ Հետեւաբար, զգալի դարձած է Սփիւռքի տեղական եւ համահայկական կառոյցներուն աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Մարդասիրական աշխատանքէ դէպի կայուն լուծումներ» խորագրեալ աշխատաժողովը, որու ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց համարկման դիւրացման խնդիրները։ Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ առաջարկեց սուրիահայերուն աջակցելու համար մշակել ռազմավարական ծրագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պետական, հասարակական եւ համահայկական կառոյցները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ երէկ միասնաբար քննարկեցին Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց առկայ խնդիրները։ Նախարար Յակոբեան մասնաւորապէս մէջբերեց The Economist պարբերականին կողմէ հրապարակուած տուեալները, ըստ որոնց Սուրիայէն ընդունուած փախստականներուն թիւով Հայաստան համեմատութեան կարգով երրորդն է Գերմանիայէն եւ Շուէտէն վերջ։ Սուրիացի փախստականներուն աջակցութեան համար Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ յատկացուած 5-ական միլիառ տոլար օգնութենէն բաժին չէ վիճակած Հայաստանին։
Ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի, թէեւ Հայաստանէն մաս մը սուրիահայեր կը մեկնին դէպի երրորդ երկիրներ, սակայն կայ նաեւ հակառակ ուղղութեամբ հոսք մը։