ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏ
Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած՝ նախարարական մակարդակով հաւաք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Այս առթիւ Նալպանտեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման խնդրին։ Նախարարը այդ շրջափակումը որակեց ապօրինի, զայն համարելով կայուն զարգացման խոչընդոտ։
Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ մատնանշեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին կողմէ Հայաստանէ ներս ծաւալուած աւելի քան 20-ամեայ գործունէութիւնը, որու ընթացքին շարք մը համատեղ ծրագրեր իրականացուած են առանցքային ոլորտներէ ներս։ «Կարեւոր է, որ ելմտական դժուարութիւններու առընթեր մենք առաւել ուշադրութեան արժանացնենք կայուն զարգացման ուղղեալ խոչընդոտները՝ փակ սահմանները, շրջափակումները, անտեղի խտրական առեւտրային դրութիւնները։ Այս մէկուն վառ օրինակներէն է այն, որ Հայաստանի դէմ գործադրուող ապօրինի շրջափակման պատճառով չի գործեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղին (Կիւմրի-Կարս)՝ խոչընդոտ հանդիսանալով տարածքաշրջանային կայուն զարգացման», ըսաւ Նալպանտեան։
Իր ելոյթին մէջ ան յայտնեց, թէ ակներեւ է կլոպալ անվտանգութեան եւ զարգացման միջեւ կապը։ Հակամարտութիւնները կրնան խոչընդոտել կայուն զարգացումը։ Սա է իրականութիւնը։ Բայց գոյութիւն ունի նաեւ այլ իրականութիւն մը։ Շարք մը ձգձգուած կամ սառեցուած հակամարտութիւններ կրնան տեւել տասնամեակներ։ Մինչդեռ այդ տարածքներու բնակիչ ժողովուրդներու ձգտումները՝ հասնիլ կայուն զարգացման նպատակներուն, նոյնքան օրինական են, որքան այլոց համար։ Որոշ տարածքներու վերջնական իրաւական կարգավիճակի հաստատման ձգձգումը, մասնաւորապէս, անոնց, որոնք բանակցութիւններու առարկայ կը հանդիսանան հակամարտութեան կարգաւորման համաձայնեցուած ձեւաչափերու շրջանակներէն ներս, պէտք չէ որպէս պատրուակ օգտագործուին՝ ոտնահարելու համար այդ տարածքներու բնակիչ ժողովուրդներու զարգացման օրինական իրաւունքը։ Ըստ Նալպանտեանի, ի վերջոյ, ոեւէ մէկը չանտեսելու յանձնառութիւնը կ՚ենթադրէ ոչ թէ բացառման պատճառաբանութեան արդարացումը, այլ ներգրաւման միջոցներու ապահովումը։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանապարհներ գտնէ՝ ապահովելու համար հակամարտութեան գօտիներու բնակիչ ժողովուրդներու ներգրաւումը միջազգային համագործակցութեան՝ ուղղուած կայուն զարգացման նպատակներու իրագործման։ «ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ գործակալութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործողութիւնները պէտք չէ որեւէ ձեւով սահմանափակում ունենան հակամարտութեան գօտիներու բնակիչ ժողովուրդներուն համար», ըսաւ Նալպանտեան ու շեշտեց, թէ կարեւոր է հակամարտութիւններու հետեւանքով յառաջացած խոչընդոտները վերափոխել գործընկերութեան դրական օրակարգ ձեւաւորելու հնարաւորութեան, ներառեալ՝ հակամարտ կողմերու միջեւ իրական վստահութիւն մը կառուցելու միջոցը։ Բոլոր ժողովուրդները ունին անվտանգութեան եւ զարգացման համընդհանուր ձգտում։ Հակամարտ կողմերու միջեւ ընդհանուր տնտեսական ծրագրերու իրականացումը կրնայ յանգեցնել վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ առաջին քայլերուն, ինչ որ առաւել կարեւոր է խաղաղութեան ընդհանուր տեսլականի ձեւաւորման տեսանկիւնէն։
Ըստ Նալպանտեանի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած միջազգային յանձնառութիւններու լիակատար իրագործումը, յատկապէս պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը՝ հիմնուած նաեւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքին վրայ, կրնայ էականօրէն նպաստել կանխարգիլման ջանքերուն։ «Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ուղիղ կապ գոյութիւն ունի մարդու իրաւանց կոպտագոյն խախտումներու եւ բռնութիւններով զուգահեռ հակամարտութիւններուն միջեւ։ Սովորաբար, այն պետութիւնները, որոնք չեն յարգեր ժողովուրդներու ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքը, ընդհանրապէս կոպտօրէն կ՚ոտնահարեն մարդու իրաւունքները», նշեց Նալպանտեան։