Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՑՄԱՀ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌ
Իսթանպուլի Ծանր յանցագործութիւններու Բ. պատժական ատեանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտեց Մուրատ Նազարեանը, որ Սամաթիոյ մէջ սպաննած էր տարեց հայ կին մը՝ Մարիձա Քիւչիւքը։ «Ճիհան» գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ դատական վերջին նիստին ընթացքին Մուրատ Նազարեան հերթական անգամ կրկնած է, թէ մեղաւոր չէ։
Ցմահ ազատազրկման դատավճռէն վերջ, Մարիձա Քիւչիւքի դուստրը՝ Պայծառ Միտիլլին ալ դժգոհութիւն յայտնեց վճռին կապակցութեամբ ու պնդեց, թէ յանցագործութիւնը չէ բացայայտուած մինչեւ վերջ։
Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016