ՔԱՆՏԻԼԻ ԴԷՄ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­խա­փան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ե­րէկ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ծանր հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցած են ՓՔՔ­-ի դէմ։ Տիար­պա­քը­րէն եւ Մա­լա­թիա­յէն թռիչք ա­ռած ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը Քան­տի­լի մէջ ծանր հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցած են ՓՔՔ­-ի դիր­քե­րուն։ Ռմբա­կո­ծում­նե­րը տե­ւած են շուրջ եր­կու ժամ։ Ա­ւե­րուած են նաեւ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րու ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը եւ զի­նա­նոց­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Սու­րի մէջ եւս, Տիար­պա­քըր, անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ազ­դու պայ­քար մը կը մղուի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն դէմ։ Դժբախ­տա­բար, ե­րէկ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած է եր­կու տաս­նա­պետ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016