ԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔ…

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան կը տե­ղե­կաց­նէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն.-

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի առ­կայ խնդիր­նե­րուն շուրջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րէկ հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րը ա­պա­հո­վե­ցին դրա­կան ու շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք մը։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ տա­րուած աշ­խա­տան­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց ար­դէն յստակ հո­րի­զո­նի մը ու­րուագծ­ման։ Այ­սինքն, ներ­կայ պա­հուն ըն­դու­նուած է ժա­մա­նա­կա­ցոյց մը, ո­րու հի­ման վրայ տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէտ­նե­րու մէջ, փու­թով Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թիւ­նը պի­տի ը­նէ իր­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ։ Ժամ­կէտ­նե­րու հա­ւա­նա­կան շեղ­ման պա­րա­գա­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով՝ ե­րաշ­խիք­ներ ալ նա­խա­տե­սուած են յա­ջոր­դե­լիք փու­լե­րուն հա­մար։

Շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր գործ­նա­կա­նօ­րէն թա­փուր է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը եւ ան­ցեալ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծը թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ դար­ձաւ եր­կա­րա­տեւ ու մա­շե­ցու­ցիչ ան­ցու­մա­յին շրջան մը։ Հա­մայն­քէն ներս գո­յա­ցան պա­ռակ­տում­ներ ու բե­ւե­ռա­ցում­ներ եւ ի վեր­ջոյ ան­ցեալ շաբ­թուան սկիզ­բին ծա­գե­ցաւ տագ­նապ մը։

Խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ այդ ի­րա­վի­ճակ­ին մէջ ամ­բողջ հա­մայն­քը ե­ղաւ տակ­նուվ­րայ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ ծա­գած ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բե­րին հու­նէ դուրս եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ա­մէն ինչ ան­կա­ռա­վա­րե­լի վի­ճակ մը ստա­ցաւ։ Թէ՛ հա­մայն­քա­յին կեան­քը եւ թէ թէ­կուզ առ­կա­խեալ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը ան­դա­մա­լու­ծուե­ցան։ Բա­րե­բախ­տա­բար, այդ ծանր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կար գոր­ծօն մը, որ կը ջա­նար շի­նիչ ու յա­մառ ջան­քե­րով նե­րազ­դել կա­ցու­թեան վրայ՝ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման հա­մար։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­մե­նօ­րեայ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի հար­ցե­րը՝ դրա­կան յոր­դոր­նե­րով եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան կո­չե­րով։ Ի լրումն այս բո­լո­րին՝ Նո­րին Սրբու­թեան բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցան Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Այ­սօր ար­դէն ակն­յայտ է, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեամբ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ե­ղած է ճա­կա­տագ­րա­կան եւ ան յա­ջո­ղած է իր հայ­րա­կան նրբան­կատ ցուց­մունք­նե­րով հար­ցե­րը ա­ռաջ­նոր­դել լուծ­ման՝ ա­ռանց պար­տադ­րանք­նե­րու կամ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի նպա­տա­կաս­լաց քայ­լե­րով՝ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած է փո­խա­դարձ ըմբռ­նում մը, վե­րա­նո­րո­գուած է վստա­հու­թեան ո­գին եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րուած՝ ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը փու­թով յա­ռաջ տա­նե­լու։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, մայ­րա­վան­քէն ներս ե­րէկ ա­ռա­ւօտ շա­րու­նա­կուե­ցան Նո­րին Սրբու­թեան եւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Օր մը ա­ռաջ յայ­տա­րա­րուած էր, որ ե­րէկ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րէին եր­կօ­րեայ քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քին շուրջ։ Ուս­տի, են­թադ­րե­լի էր, որ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու վեր­ջին փու­լին ո­րոշ աշ­խա­տանք պի­տի կա­տա­րուէր նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ մեր ե­րեք սրբա­զան­նե­րը Հին վե­հա­րա­նէն ան­ցան Դի­ւա­նա­տուն, ուր ի­րենց միա­ցան Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ան­դամ սրբա­զան­նե­րը։ Ան­շուշտ, ԳՀԽ­-ի այն ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէս, Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յեան, Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեան, Տ. Աբ­րա­համ Արք. Մկրտչեան եւ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Նո­րին Սրբու­թեան եւ մեր ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն հետ։ Հրա­ւի­րուած էր նաեւ Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան, քա­նի որ ա­պա­գայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար թեկ­նա­ծու է։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ տա­րուած աշ­խա­տան­քին եւ ա­պա­հո­վուած ար­դիւնք­նե­րուն շուրջ։ Կարճ ժա­մա­նակ անց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գին կող­մէ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մը ձե­ւա­չա­փով կա­տա­րուե­ցաւ ակն­կա­լուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ նոյ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած է մեր յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ։

Այս­պէ­սով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Մայր Ա­թո­ռի եր­կօ­րեայ խտա­ցեալ աշ­խա­տան­քը, որ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ի­մաս­տուն կար­գադ­րու­թեան ու կշի­ռին շնոր­հիւ։ Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ մեր հա­մայն­քէն, նաեւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն հրա­ժեշտ ա­ռին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան վե­րա­դար­ձան քա­ղաքս։ Որ­պէս տա­րան­ցիկ ու­ղե­ւոր՝ ա­նոնց հետ նոյն օ­դա­նա­ւին մէջ էր նաեւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, որ Իս­թան­պու­լի վրա­յով ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ դէ­պի Գեր­մա­նիա։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017