ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ա­ւար­տեց դէ­պի Վրաս­տան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Կէոր­կի Ք­­վի­րի­քաշ­վի­լիի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին՝ Ե­րե­ւա­նի եւ Թիֆ­լի­զի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ շարք մը նուրբ հար­ցե­րու շուրջ։ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր այ­լընտ­րանք­ներ յղա­ցան՝ կող­մե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գի քա­նի մը ա­ռանց­քա­յին խնդիր­նե­րուն շուրջ։

«Ե­թէ ձե­զ կը հե­տաքրք­րէ, որ ար­դեօք Վե­րին Լար­սի ան­ցա­կէ­տին հա­մար պի­տի ըլ­լա՞յ այ­լընտ­րանք մը՝ ա­պա կրնամ ձե­զի հա­ւաս­տիաց­նել, որ ա­յո՛, պի­տի ըլ­լայ։ Մնա­ցեա­լին մա­սին՝ յե­տոյ, առ այժմ չեմ բա­նար փա­կա­գի­ծե­րը։ Մենք հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած ենք թէ՛ Վե­րին Լար­սի եւ թէ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի մի­ջանց­քի շուրջ», ը­սաւ Կա­րա­պե­տեան, որ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­րեց իր շփում­նե­րը։

Թիֆ­լի­զի մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ վրա­ցա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հե­տ։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017