ՌԻՕ ՏԷ ԺԱ­ՆԷՅ­ՐՈ­ՅԻ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱ­Կ ՔԱՐՆԱ­ՎԱ­ԼԸ

Պրա­զի­լիոյ Ռիօ տէ Ժա­նէյ­րօ քա­ղա­քին մէջ այ­սօր պաշ­տօ­նա­պէս կը բա­ցուի հռչա­կա­ւոր քար­նա­վա­լը: Ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս քա­ղա­քի խորհր­դան­շա­կան, փայ­լուն քա­րե­րով զար­դար­ուած բա­նա­լին կը յանձ­նեն Մո­մօ թա­գա­ւո­րին՝ տօ­նի տի­րո­ջը, ո­րու դե­րին հա­մար յա­տուկ դա­տա­կազ­մը ա­մէն տա­րի կ՚ընտ­րէ բարձ­րա­հա­սակ եւ գէր տղա­մար­դ մը:

Հան­դի­սա­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեա­ն կը մաս­նակ­ցին այդ ներ­կա­յաց­ման մշա­կոյ­թի ծի­րէն ներս կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք տա­րած քա­նի մը հո­գի եւս: Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի, մաս­նա­ւո­րա­պէս, քար­նա­վա­լի թա­գու­հիին, ո­ր կը յայտ­նուի ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ ար­քա­յա­դուստ­րե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ:

Թէեւ քար­նա­վա­լը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ Փետ­րուա­րի 24-ին, սա­կայն Ռիօ տէ Ժա­նէյ­րոն ար­դէն եր­կու շա­բա­թէ ի վեր կ՚ապ­րի ե­րաժշ­տու­թեան, պա­րե­րու եւ զուար­ճու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ: Ե­րե­ւոյ­թը այն է, որ ըստ ստեղ­ծուած ա­ւան­դոյ­թի՝ դեռ նախ­քան «լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը» Մո­մօ թա­գա­ւո­րին յանձ­նե­լը, քա­ղա­քի պո­ղո­տա­նե­րուն, ա­ռափն­եակ­նե­րուն եւ հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նան զգես­տա­ւո­րուած շքերթ­ներ։

Եւ այ­նուա­մե­նայ­նիւ Ռիօ տէ Ժա­նէյ­րո­յի մէջ քար­նա­վա­լի ա­ռանց­քա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, ո­ր զայն հռչա­կելն է ամ­բողջ աշ­խար­հին, մրցոյթն է՝ սամ­պա­յի դպրոց­նե­րու շքեր­թը, ո­ր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ քա­ղա­քի կեդ­րո­նին՝ «Սամ­պօտ­րո­մօ տա Մար­քիզ տէ Սա­փու­քաի»ին մէջ, ո­ր 700 մեթր հրա­պա­րա­կով ու­նի երկ­կող­մա­նի թրի­պիւ­ն­­նե­ր:

Իւ­րա­քան­չիւր զոյ­գի ե­լոյ­թը կը գնա­հա­տէ դա­տա­կազ­մը, ո­ր բաղ­կա­ցած է յայտ­նի հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րէ, ե­րա­ժիշտ­նե­րէ, ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէ, նկա­րիչ­նե­րէ, ճար­տա­րա­պետ­նե­րէ եւ լրագ­րող­նե­րէ:

Ա­մէն տա­րի Ռիոյի քար­նա­վա­լը Պրա­զի­լիոյ պիւտ­ճէին յա­ւե­լեալ ե­կա­մուտ կը բե­րէ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու թի­ւի զգա­լի բազ­մա­ցու­մով: Ինչ­պէս կը սպա­սուի, բա­ցա­ռու­թիւն պի­տի չըլ­լայ նաեւ այս տա­րուան տօ­նը։ Riotur ըն­կե­րու­թեան, ո­ր Ռիօ տէ Ժա­նէյ­րո­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կա­ռոյցն է, նա­խա­գահ Մար­սե­լու Ալ­վի­սի կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ 2017 թուա­կա­նին այս քա­ղա­քի քար­նա­վա­լին կ՚այ­ցե­լէ ա­ւե­լի քան 1.1 մի­լիոն զբօ­սաշր­ջիկ: Տօ­նի հիւ­րե­րու՝ ինչ­պէս զբօ­սաշրջիկ­նե­րու, այն­պէս ալ տե­ղա­ցի բնա­կիչ­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը հա­ւա­նա­բար կազ­մէ 5 մի­լիոն՝ 10 տո­կո­սով ա­ւե­լի, քան մէկ տա­րի ա­ռաջ:

Ըստ Մար­սե­լու Ալ­վի­սի, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը եւ տե­ղա­ցի բնա­կիչ­նե­րը, ո­րոնք կ՚այ­ցե­լեն քար­նա­վալ, միա­գու­մար կեր­պով քա­ղա­քին կը բե­րեն 3 մի­լիառ ռէա­լի (շուրջ 967 մի­լիոն տո­լա­րի) չա­փով ե­կա­մուտ մը։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017