Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ նոր կորուստներ տուին Սուրիոյ մէջ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից զինուորներ դարձան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) թիրախը։ Ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ ճանապարհին վրայ տեղադրուած ականներուն հետեւանքով երկու զինուոր նահատակուեցաւ։ Երեք զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտնեց, որ Էլ Պապ քաղաքը ամբողջութեամբ պաշարուած է եւ մաքրագործման աշխատանքներ կը տարուին այնտեղ։
Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017