ՕՔԼԸՆՏԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 60-ԱՄԵԱԿԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մէն ներս, նա­խա­գա­հու­թեամբ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի, այ­սօր Օք­լըն­տի Ս. Վար­դան ե­կե­ղե­ցին պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թով եւ ար­ժա­նա­վա­յել յա­յտագ­րով պի­տի տօ­նախմ­բէ շրջա­նի հա­մայն­քի 90-րդ եւ ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման 60-րդ տա­րե­դարձ­նե­րը:

Այս առ­թիւ ծու­խը պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի տօ­նէ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յո­վէլ Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման 10-րդ տա­րե­դար­ձը: Ար­դա­րեւ, 2007 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 15-ին Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր տնօ­րի­նու­թեամբ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի խո­րա­նին վրայ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւնն ու օ­ծու­մը կա­տա­րեց Տէր Հօր: Տէր Հայ­րը 2009 թուա­կա­նէն ի վեր հո­գե­ւոր հո­վիւն է Ս. Վար­դան ե­կե­ղեց­ւոյ, որ սի­րուած ու յար­գուած է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կող­մէ:

Թեմակալ Ա­ռաջ­նորդ՝ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան. «Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մաս կը կազ­մէ, ա­մուր պա­հե­լով հան­դերձ իր ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը, ո­րուն իբր հե­տե­ւանք շա­ղա­խուած է իր ժո­ղո­վուր­դին հետ, ան­բա­ժան մնա­ցած է իր ժո­ղո­վուր­դէն եւ երբ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցի կ՚ը­սենք, մենք կը հասկ­նանք նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դը: Իսկ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­ռա­քե­լու­թիւն մըն է, շնորհ մըն է Աս­տու­ծոյ կող­մէ մե­զի տրուած, ո­րուն կեն­դա­նի վկա­յու­թիւ­նը կրնանք տալ մեր կեան­քի ըն­թաց­քը հարս­տաց­նե­լով Քրիս­տո­սի նմա­նակ­ցու­թեամբ»։

Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին Սրբա­զան Հայ­րը «Ար­քե­պիս­կո­պո­սի մրցա­նակ»ով պի­տի պար­գե­ւատ­րէ ծու­խէն ներս եր­կար տա­րի­ներ նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող Տէր եւ Տի­կին Տան եւ Լի­սա Մա­նու­կեա­նը եւ Տէր եւ Տի­կին Փի­թըր եւ Փեթ Պար­սա­մեա­նը: Իսկ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Հայ ո­գի» շքան­շա­նով պի­տի պար­գե­ւատ­րէ նոյն­պէս ծու­խէն ներս եր­կա­րա­մեայ անձ­նուէր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող Նի­քոլ Վաս­կեր­ցեա­նը, Մայ­տա Հե­նէ­սեա­նը, Ար­թօ Եաղ­ճեա­նը, Զա­ւէն Քան­նէեա­նը եւ Կրէկ Մազ­մա­նեա­նը:

ՇՔԱՆ­ՇԱ­ՆԻ ՅԱՆՁ­ՆՈՒՄ

Վա­ղը՝ Փետ­րուա­րի 26-ին, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Ս. Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցա­նէ Ս. Վար­դան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: Ս. Սե­ղա­նին պի­տի սպա­սար­կեն Տ. Յո­վէլ Քհնյ. Օ­հա­նեան եւ սար­կա­ւագ­նե­ր:

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի Սրբա­տառ կոն­դա­կի ըն­թերց­մամբ, Սրբա­զան Հայ­րը առ ի գնա­հա­տու­թիւն «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» պա­տուոյ շքան­շա­նով պի­տի պար­գե­ւատ­րէ ծու­խէն ներս եր­կար տա­րի­ներ անձ­նուէր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող Տէր եւ Տի­կին Անդ­րա­նիկ եւ Յաս­միկ Ճին­կօ­զը, իր ջեր­մա­գին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պի­տի յայտ­նէ եւ ա­պա ո­գե­ւո­րիչ հո­գե­ւոր պատ­գա­մը պի­տի փո­խան­ցէ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՊԱՏ­ՄԱ­ԿԱ­ՆԸ

Օք­լըն­տի Ս. Վար­դան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քը Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հնա­գոյն հա­մայնք­նե­րէն մին է, որ հիմ­նուած է 1920-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, երբ Մեծ Ե­ղեռ­նէն յե­տոյ Ֆրեզ­նօ հաս­տա­տուած մի քա­նի հայ ըն­տա­նիք­ներ տե­ղա­փո­խուե­ցան Հիւ­սի­սա­յին Գա­լի­ֆոր­նիո­յ շր­ջա­նը: Բնա­կա­նա­բար, որ­պէս ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ, նախ եւ ա­ռաջ՝ մեր ազ­գա­յին կեր­պա­րին հա­րա­զատ, պէտք է ե­կե­ղե­ցի եւ հա­մայնք ստեղ­ծէին:

1924 թուա­կա­նի Յու­նի­սի 1-ին Տ. Վար­դան Վար­դա­պե­տի կող­մէ Օք­լըն­տի մէջ կը մա­տու­ցուի ա­ռա­ջին Ս. Պա­տա­րա­գը՝ տեղ­ւոյն յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն մէջ, իսկ 1927 թուա­կա­նին գու­-մա­րուած Ծխա­կան ա­ռա­ջին ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վով կը հիմ­նադ­րուի Օք­լըն­տի հայ հա­մայն­քը: Եր­կու տա­րի յե­տոյ՝ 1929 թուա­կա­նին կը կազ­մուի Տիկ­նանց միու­թիւ­նը, որ ի­րա­պէս կը դառ­նայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու հա­մայն­քի շար­ժիչ ու­ժը, ո­գե­ւո­րու­թեան եւ յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մի ե­րաշ­խա­ւո­րը: Հա­մայն­քը շատ ա­րագ կը կա­րո­ղա­նայ ձե­ւա­ւո­րուիլ եւ ար­դէն շատ չան­ցած՝ 1932 թուա­կա­նին Օք­լըն­տի մէջ կը գնեն ա­ռա­ջին շէն­քը եւ վե­րա­նո­րո­գե­լով եւ յար­մարց­նե­լով Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, նոյն թուա­կա­նին կը կա­տա­րուի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ե­կե­ղե­ցին կ՚ա­նուա­նուի մեր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն սուր­բե­րէն Ս. Վար­դան Մա­մի­կո­նեա­նի ա­նու­նով:

Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կը նշա­նա­կուի Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Յա­կո­բեա­նը: Սա­կայն 1950-ա­կան թուա­կան­նե­րուն հա­մայն­քը այն­քան կը մեծ­նայ, որ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգա­ցուի ա­ւե­լի մեծ ե­կե­ղե­ցի եւ սրահ ու­նե­նա­լու: Կազ­մա­կեր­պուած շարք մը ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու եւ նուի­րա­հա­ւաք­նե­րու շնոր­հիւ, հա­մայն­քը կը կա­րո­ղա­նայ գնել ներ­կայ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քը եւ ան­մի­ջա­պէս կը լծուի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ սրա­հի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: 1956 թուա­կա­նին կը կա­տա­րուի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ ձե­ռամբ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շնորհք Եպսկ. Գա­լուս­տեա­նի: Իսկ յա­ջորդ տա­րի, 1957 թուա­կա­նին կը կա­տա­րուի ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ ձե­ռամբ Տ. Վար­դան Եպսկ. Գաս­պա­րեա­նի: Անց­նող ինն տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին Ս. Վար­դան ե­կե­ղե­ցին իր խո­նարհ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը բե­րէ Հիւ­սի­սա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ Ա­րե­ւե­լեան Ծո­վա­ծո­ցի մէջ հաս­տա­տուած հա­յեր­դի­նե­րուն:

Ներ­կա­յիս Ս. Վար­դան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քը բա­ւա­կան մեծ է: Իւ­րա­քան­չիւր ա­միս ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­սա­թեր­թը՝ «Սուրբ Վար­դա­նի Ձայն» խո­րագ­րով կ՚ա­ռա­քուի շուրջ 1400 ըն­տա­նիք­նե­րու: Ծու­խը ու­նի ա­ւե­լի քան 200 գոր­ծու­նեայ ան­դամ­ներ, ո­րոնք գրե­թէ միշտ ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խե­լով ի­րենց անձ­նուէր ծա­ռա­յու­թեան բա­ժի­նը կը բե­րեն հայ հա­մայն­քին եւ ի նպաստ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ւել բար­գա­ւաճ­ման:

Ս. Վար­դան ե­կե­ղե­ցին Ծխա­կան խոր­հուր­դէն եւ Տիկ­նանց միու­թե­նէն զատ ու­նի նաեւ շարք մը ա՛յլ կազ­մա­կեր­պու­թիւննր, ո­րոնք նոյն­պէս ի­րենց նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը մա­տու­ցա­նեն հա­մայն­քին: Շատ գոր­ծու­նեայ ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նեն ծու­խի Մշա­կու­թա­յին յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք տա­րուան ըն­թաց­քին կը կազ­մա­կեր­պեն շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ՝ նուի­րուած հայ դա­րա­ւոր մշա­կոյ­թին եւ հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան եւ մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն: Բա­ւա­կան կազ­մա­կեր­պուած է նաեւ Ե­րի­տա­սար­դաց միու­թիւ­նը: Ե­րի­տա­սար­դ­նե­րու հա­մար ծու­խը ու­նի մար­զա­կան եւ պա­րա­յին խում­բեր: Ա­մէն Կի­րա­կի շուրջ քսան­հինգ փոք­րիկ­ներ կը յա­ճա­խեն ե­կե­ղեց­ւոյ Կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նը, ուր նուի­րեալ ու­սու­ցիչ­նե­րու ջան­քե­րով կը սոր­վին մեր սուրբ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւատ­քը, ա­ղօթք­ներն ու շա­րա­կան­նե­րը:

Տա­րե­կան ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին շարք մը ձեռ­նարկ­նե­րու կող­քին ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­գոյն ձեռ­նարկ­նե­րէն մին է տա­րե­կան Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ իւ­րա­քան­չիւր տա­րուան Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շա­բա­թա­վեր­ջին: Ար­դա­րեւ, գրե­թէ վաթ­սուն­հինգ տա­րի է, որ այս փա­ռա­տօն­նե­րու մի­ջո­ցաւ Ս. Վար­դան ե­կե­ղե­ցին իր իւ­րա­յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը բե­րէ ո՛չ միայն հա­յե­րուն, այլ նաեւ՝ շատ մը օ­տար­նե­րուն, ո­րոնք միշտ ալ հիա­ցած են հայ­կա­կան հա­մա­դամ ու­տե­լիք­նե­րու հա­մով, բարձ­րա­կարգ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ եւ փա­ռա­ւոր մշա­կոյ­թով: Նմա­նա­տիպ փա­ռա­տօն­ներ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած են ա­ռա­ւել լայն շրջա­նակն­նե­րուն՝ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, հա­րուստ մշա­կոյ­թին եւ հա­ւատ­քի­ն։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017