ՄԱԳԼՑՄԱՆ ՌԻՍՔԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Երեւան եղած է ու կը մնայ հաւատարիմ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէ ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նկատմամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան այդ շրջանակին մէջ պիտի շարունակէ աշխատիլ յանուն այնպիսի լուծումներու, որոնք ընդունելի կ՚ըլլան բոլոր ժողովուրդներու համար։ «Մեզի համար ամենակարեւոր հարցը եղած է ու կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներու համար իսկական անվտանգութեան համակարգի մը ապահովուիլը, որմէ կը բխի կարգավիճակի խնդիրը», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջերս հրապարակուած «Միւնիխեան սկզբունքներուն»՝ նախարարը նշեց, որ անոնց մէջ արտայայտուած չէ որեւէ բան, որով կը վերափոխուին կարգաւորման գործընթացի ընդհանուր ծրարէն ներս Երեւանի ձեւաւորած դիրքորոշումն ու մօտեցումները։
Հարկ է յիշեցնել, որ Նիկոլ Փաշինեան՝ որպէս «Միւնիխեան սկզբունքներ» թուարկած է հետեւեալ վեց կէտերը.
1- Լեռնային Ղարաբաղ անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը։
2- Լեռնային Ղարաբաղ հակամարտութեան եւ բանակցութեան կողմ է, առանց իր հետ բանակցելու հնարաւոր չէ լուծել հակամարտութիւնը։
3- Չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն. Լեռնային Ղարաբաղ չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը։
4- Հնարաւոր չէ հակամարտութիւնը լուծել մէկ կամ երկու գործողութիւնով. բանակցային գործընթացէն ներս անհրաժեշտ են «միքրօ յեղափոխութիւններ», ապա «մինի յեղափոխութիւններ», ապա ճեղքում։
5- Հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար։ Հայաստանն ու Ղարաբաղը պատրաստ են լրջագոյն ջանքեր գործադրելու՝ նման լուծում մը գտնելու համար։ Այսպիսի պատրաստակամութիւն պէտք է ցուցաբերէ նաեւ Ատրպէյճան։
6- Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում։ Եթէ ոեւէ մէկը կ՚ըսէ, որ հարցը ռազմական լուծում ունի, ապա Ղարաբաղի ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ ուրեմն ան վաղուց լուծուած է։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մնացականեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացէն ներս յառաջընթացի հնարաւորութիւն չի տեսներ՝ Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան մագլցման ռիսքերու աճի պարագայով։ «Մենք պիտի շարունակենք յստակ առաջարկներով յառաջ տանիլ մեր օրակարգը», ըսաւ ան։
Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Միւնիխի մէջ վերջերս տեղի ունեցած քննարկման։ Նախարարը դրական համարեց այդ քննարկումը։ «Երեւոյթը, կը կար-ծեմ, շատ դրական է, թէ մենք կրնանք նստիլ եւ բաց զրոյցի մէջ, ղեկավարներու մակարդակով հարցեր քննարկել։ Այստեղ կայ որոշ մտահոգիչ խնդիր մը, որ, գուցէ, մեր համակարգերու տարբերութեան պատճառով է», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ անընդունելի կը համարէ այն մեկնաբանութիւնները, որոնք տեսած է Ատրպէյճանի մամուլին մէջ կամ լսած է զանազան պաշտօնեաներէ։ Իր խօսքով՝ այդ բոլորը քարոզչական ծայրայեղ մակարդակի հասցուած էին ու կը յիշեցնեն մոտելներ, որոնք արտայայտութիւնը կը համարուին ազատ քննարկման համակարգի բացակայութեան ու բնաւ ժողովրդավարական չեն։