ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սլովաքիոյ դեսպանատան պաշտօնական բացումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Միրոսլաւ Լայչաք միասնաբար կտրեցին խորհրդանշական ժապաւէնը։

Միրոսլաւ Լայչաք օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Հիւր նախարարը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Լայչաքը ընդունելու ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպանատան բացումը պիտի խթանէ երկկողմանի կապերը։

Մնացականեան եւ Լայչաք բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու բազմաշերտ օրակարգին։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային կառոյցներէ ներս արդիւնաւէտ համագործակցութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հրատապ շարք մը հարցեր։

Մնացականեան եւ Լայչաք աչքէ անցուցին նաեւ Հայաստան- Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերը։ Անոնք ընդգծեցին ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան առանցքային նշանակութիւնը՝ որպէս ներառական համագործակցութեան չափազանց կարեւոր հարթակ։ Կողմերը կարեւորեցին մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբը՝ որպէս ժողովուրդներու միջեւ շփումներու խթան կարեւոր հանգրուան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020