«ԿԵԱՆՔԻԴ ՆՊԱՏԱԿԸ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լոյս տեսած է Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Կեանքիդ նպատակը»։ Սա հեղինակի երկրորդ գիրքն է։ Առաջինը կը կոչուէր «Կեանքիդ արժէքը», որուն ներկայիս յաջորդած է «Կեանքիդ նպատակը»։

Ինչպէս ծանօթ է, Ալեքս Սրկ. Գալայճեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն է։ Իր առաջին գիրքին բովանդակութիւնը ձեւաւորուած էր՝ առաւել չափով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած գրութիւններով։ Հեղինակը թերթիս կանոնաւոր ձեւով կ՚աշխատակցէր, երբ կը բնակէր Երեւանի մէջ։ Ընթացքին ան հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ այդ տեղափոխութիւնով պայմանաւորուած պարտաւորութիւններու բերումով ակամայ դադրած է աշխատակցութեան պարբերական բնոյթը։ Յամենայնդէպս, Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի նոր գիրքն ալ հրատարակուած է Երեւանի մէջ «Էտիթ-Փրինթ» հրատարակչութեան կողմէ։ Գիրքը ձօնուած է հեղինակի անդրանիկ որդւոյն՝ Մոնթէ Առէն Գալայճեանի։

Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի այս երկրորդ գիրքը կը խօսի մարդ արարածի թէ՛ մակերեսային եւ թէ աւելի խորքային նպատակներու մասին։ Նիւթականի, ժամանակի, հաշուետուութեան, ինքնավստահութեան, խորագիտութեան, գոռոզութեան, ինքնասիրութեան, սխալելու, խորամիտ լռելու, շինիչ քննադատութեան, նախանձի դիմաց չընկճուելու, չյուսահատելու, պայքարի ոգի ունենալու, երջանիկ կեանք մը ապրելու, նպատակասլաց ու յաջողած գնացք մը ունենալու նիւթերուն շուրջ ընթերցողներուն շահեկան խորհրդածութիւններ մատուցուած են այս գիրքին մէջ։ Հեղինակի մեկնակէտն է, որ մարդ արարածը ինքն իսկ կը տնօրինէ իր կեանքը, կը ձեւակերպէ եւ կամ ամբողջապէս կը կերպարանափոխէ զայն՝ նպատակներով ջրդեղելով եւ կամ աննպատակ կեանք մը ապրելով։ Երիտասարդ հեղինակը փորձած է ընթերցողին հետ երկխօսութեան մէջ մտնելով անդրադառնալ զանազան հարցումներու։ Գիրքի բովանդակութեան մէջ նիւթերը դիտարկուած են քրիստոնէական, մանկավարժական, հոգեբանական ու փիլիսոփայական տեսանկիւններէ։

«Երբեմն մեր նպատակները իրագործելու ժամանակ նեղութեանց, արգելքներու կը հանդիպինք, սակայն անմիջապէս կը յուսալքուինք եւ «անբախտ» վանկարկումը մեր կեանքին նշանաբանը դարձնելով՝ մաքառելէ ճարահատ կը դադրինք։ Սակայն կը մոռնանք, որ կեանքը յարատեւ գործընթաց է, իսկ գործընթացը՝ յարատեւ պայքար կը պահանջէ։ Պայքարը քեզ երջանկութեան կ՚առաջնորդէ, սակայն պայքարելու եւ նպատակներդ կեանքի կոչելու համար՝ պէտք է զօրաւոր կամք ունենաս, որովհետեւ կամքը պայքարի զօրացուցիչ դեղն է։ Դժբախտ է այն մարդը, որ իր կամքը կ՚անդամալուծէ ու պայքարը կը դադրեցնէ», նշած է հեղինակը գիրքի սկիզբի երկու խօսքին մէջ։

Նոյն առթիւ Ալեքս Սրկ. Գալայճեան մատնանշած է, որ այս նոր գիրքին մէջ ալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած նիւթերը հաւաքելով՝ դարձեալ զանոնք կը յանձնէ ընթերցողներուն, նոր ձեւաչափով մը։

«Կեանքիդ նպատակը» ունի նաեւ շատ ուրոյն, ճաշակաւոր կողք մը, որու վրայ կանաչ տերեւներ ցոլացած են։ Բոլոր անոնք, որոնք խորաթափանց կ՚ընկալեն, այդ կողքին վրայ կը տեսնեն նաեւ խորհուրդ մը։ Տերեւներու փոքր ծիլերը կը նշանակեն, որ իւրաքանչիւր նպատակ փոքր բաներէ կը սկսի եւ քայլ առ քայլ կը զարգանայ, կ՚աճի ու կը հասուննայ՝ մինչեւ որ ամբողջապէս հասնի այդ նպատակին։ Կանաչը հոգեբանական առումով միշտ դրականի խորհրդանշանը եղած է։ Ուստի, բոլոր նպատակներու իրագործման ընթացքին՝ որքան որ ալ խոչընդոտներ յառաջանան, պէտք է միշտ դրական մօտեցում ունենալ, չյուսահատիլ ու պայքարիլ՝ չկասկածելով նպատակի իրագործումէն։ Կողքի հիմնական գոյներէն մին ալ սպիտակն է՝ որպէս անկեղծութեան, անմեղութեան ու թափանցիկութեան խորհրդանշան։ Պատկերաւոր իմաստը այն է, որ նպատակները իրագործելու ժամանակ պէտք է անկեղծ ու պարտաճանաչ ըլլալ, բայց նմանակիցներուն ալ շահերը չխոչընդոտել։

Ալեքս Սրկ. Գալայճեան թէ՛ պատրաստութիւնով եւ թէ փորձառութիւնով իր սերունդի մտաւորականներու ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին է։ Ան կ՚առանձնանայ նաեւ իր արտադրունակութեամբ, որու թափը կը պահէ առանց որակէն զիջելու։ Իր այս նոր գիրքն ալ արժանացած է շատ դրական արձագանգի եւ հետաքրքրութեամբ ընկալուած՝ ընթերցասէրներու կողմէ։

«Կեանքիդ նպատակը» գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրեցեալ աշխատակից, անզուգական ընկեր Ալեքս Սրկ. Գալայճեանը, որուն կը մաղթենք մշտադալար գրիչ ու նորանոր յաջողութիւններ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021