«ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԾԻՔԸ»

Հաւանաբար, եկած է ժամանակը առարկայականօրէն եւ առանց աւելորդ յոյզերու գնահատելու, թէ ինչպէ՛ս եղած է, որ պետական կառավարման բացարձակապէս անընդունակ, ձախողած եւ անհաշուելի կորուստներու համար պատասխանատու Հայաստանի իշխանութիւնը կը շարունակէ վայելել մեր քաղաքացիներու որոշ մասի վստահութիւնը։

Թէ ո՞ր մասն է, կը դժուարանամ ըսել եւ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ մնալու պարագային կատարուելիք արտահերթ ընտրութիւններու պարագային, դժբախտաբար, առարկայական պատկեր չեն տար։ Մեր այդ համաքաղաքացիները ես կը բաժնէի երեք տեսակի։

2018 թուականի յեղափոխութիւնը, որ այսօրուայ պետական կրօնն է, դարձած է նաեւ որոշ մարդոց անձնական կրօնը։ Փաստերու եւ նոր գիտելիքներու ձեռքբերումը չեն հետաքրքրեր այդ մարդիկ՝ կայ հաւատ, կայ վստահութիւն։ Եթէ մենք մեքանիք առումով ժամանակի ընթացքին կարողանայինք երթալ Հին Եգիպտոս եւ սկսէինք պատմել յարաբերականութեան տեսութեան եւ քուանթումի ֆիզիքի մասին, եգիպտացիները մեզ պիտի չհասկնային, որովհետեւ անոնք վստահ էին փարաւոններու աստուածային բնոյթին համար եւ կը հաւատային կոկորդիլոսի տեսքով աստուածներուն։

«Եկաւ փրկիչ Նիկոլը, կերտեց նոր Հայաստանը, բայց, ցաւօք, ոչ բոլոր թալանճիներէն կարողացաւ խլել իր հարստութիւնները եւ ասոր համար մենք պարտուեցանք պատերազմի մէջ»։ Սա կրօն է, որ ունի առարկայական հիմքեր, բայց չ՚ընդունիր որեւէ տեղեկութիւն, որ կը հակասէ անոր։ 1995-ին, Հնդկաստանի Նիւ Տելհի քաղաքին մէջ հազարաւոր մարդիկ «տեսած էին», թէ ինչպէ՛ս աստուածներու արձանները կաթ կը խմեն եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հերթ կը սպասէին տաճարներու մօտ իրենց կուժերով՝ աստուածները հիւրասիրելու նպատակով։

Զանգուածային զգայախափութիւնները (հալիւսինասիոնները) կ՚ուսումնասիրուին հոգեբաններու կողմէ եւ անոնց հիմքերէն մէկն է, այսպէս կոչուած, «մեծամասնութեան կարծիքը»։ Իսկ համացանցը եւ ընկերային կայքերը զգայախափութիւններ կերտելու հզօր միջոցներ են։

(Յապաւուած)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ՝
ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱՌԱՒՕՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021