ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻԻ ՄԱՍԻՆ ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏ ԺԱՊԱՒԷՆ

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն աշխարհահռչակ թանգարանը այս շրջանին առցանց ծրագրի մը ներգրաւուած է՝ ամերիկահայ հռչակաւոր ու անմոռանալի նկարիչ Արշիլ Կորքիի (1904-1948) մասին։ Այս նախագիծը կեանքի կը կոչուի սփիռքահայ երկու ծանօթ արուեստագէտներու՝ շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի եւ երաժիշտ Մերի Գույումճեանի կողմէ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի հետ յառաջ տարուած համագործակցութեան շնորհիւ։ «Armenian Mirror Spectator»ի հաղորդումներով, Մեթրոփոլիթըն թանգարանը թէ՛ իր համացանցի պաշտօնական կայքէջին եւ թէ ընկերային ցանցերու իր միւս հաշիւներուն վրայ տեղ կու տայ Արշիլ Կորքիի վերաբերեալ կարճաժամկէտ ժապաւէնի մը։ Յունուարի վերջաւորութենէն ի վեր հետաքրքիրներ հնարաւորութիւն կ՚ունենան այդ ժապաւէնը դիտելու անվճար։ Վերջնաժամկէտ մը չէ նախատեսուած։ Սա առցանց կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է թէ՛ Արշիլ Կորքին վերյիշելու եւ թէ անոր թողած գեղարուեստական աւանդը նորովի արժեւորելու ու իւրացնելու տեսակէտէ։

Կարճաժամկէտ այս ժապաւէնը բազմաբովանդակ է եւ ունի բարձր որակ։ Որպէս տեսանիւթ ընդգրկուած են Ատոմ Էկոյեանի կողմէ նախապէս նկարահանուած «Արարատ» եւ «Արշիլի դիմանկարը» գործերէն հատուածներ։ Ծանօթ է, որ այդ երկու ժապաւէններն ալ ժամանակին արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն եւ գեղարուեստական աշխարհէն ներս ստեղծած՝ լայն արձագանգ։ Մեթրոփոլիթըն թանգարանին կողմէ մատուցուած այս կարճաժամկէտ ժապաւէնին մէջ ընդգրկուած են՝ Ատոմ Էկոյեանի այդ երկու գործերու նկարահանումներէն դրուագներ, որոնք ցայսօր չեն ներկայացուած հանրութեան։ Այսինքն, Էկոյեանի վերոյիշեալ ժապաւէններէն դուրս մնացած նկարահանման դրուագները ներգրաւուած են Արշիլ Կորքիի վերաբերեալ կարճաժամկէտին, ինչ որ կրկնակի արժէք կը վերագրէ այդ մէկուն։

Մեթրոփոլիթըն թանգարանին կողմէ մատուցուած՝ Արշիլ Կորքիի կարճաժամկէտին մէջ կը լսուին Մերի Գույումճեանի յօրինումները։ «Ճէք» եւ «Սիլվանա» քառեակներուն կողմէ եղած են կատարումները։ Բաց աստի, Մերի Գույումճեանի ձայնն ալ կը հնչէ ժապաւէնին մէջ, Արշիլ Կորքիի կենսագրական տուեալներու բացատրութեան ժամանակ։

Ուստի, հետաքրքիրներ կրնան հետեւիլ այս կարճաժամկէտ ժապաւէնին՝ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի կայքէջին միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021