ԵՐԵՒԱՆԻ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնը այս տարի հանդէս պիտի գայ նոր ներկայացումներով: Թատրոնին մէջ նախատեսուած են նաեւ ցուցահանդէսներ, համերգներ:

«Արմէնփրէս»ի մամուլի սրահին մէջ կայացած ասուլիսի ընթացքին Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Պապայեան նշեց, որ նոր ներկայացումները կը սկսին Անթոն Փաւլովիչ Չեխովի «Երեք քոյր»ով:

«Շատ ուրախ եմ, որ թատրոնները, ինչպէս մեր թատրոնը, վերսկսած են իրենց աշխատանքը: Փետրուարի 25-ին եւ 26-ին հանդիսատեսի դատին կը ներկայացնենք նոր բեմադրութիւն մը՝ Չեխովի «Երեք քոյր»ը, որու բեմադրիչը Սամսոն Մովսէսեանն է: Ներկայացումը կը խաղանք ոչ այնքան սովորական ձեւաչափով: Ներկայացման ներգրաւուած են մեծամասնութեամբ երիտասարդ դերասաններ», ըսաւ Ռուբէն Պապայեան:

Բեմադրիչ Սամսոն Մովսէսեանի խօսքով, աշխատանքները սկսած էին մէկ տարի առաջ, սակայն, քորոնա համավարակով պայմանաւորուած, յետաձգուած էին: Այժմ բեմադրական աշխատանքները աւարտին հասած են եւ թատերախաղը կը ներկայացուի հանդիսատեսին:

«Առաջին ցուցադրութիւնը փետրուարի 25-ին եւ 26-ին է, սակայն տոմսերը արդէն սպառած են: Սա կը վերաբերի այն մասին, թէ հանդիսատեսը որքան կարիք, ձգտում ունի թատրոն այցելելու: Ներկայացման գլխաւոր ուղերձը այն է, որ պէտք չէ շատ խօսիլ ապրելու մասին, այլ պէտք է պարզապէս ապրիլ, գործել: Չեխովի եղերերգութեան ամբողջ էութիւնը այն է, որ այսօր պէտք է ապրիլ», ըսած է Սամսոն Մովսէսեան:

Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնը նոր ներկայացմամբ մը պիտի չսահմանափակուի: Ռուբէն Պապայեան նշեց, որ շուտով պիտի ներկայացուի «Կարմիր գլխարկ»ի նոր տարբերակը: Ան կը ներկայացուի ժամակակից շեշտադրումներով, պիտի բեմադրէ թատրոնի աւագ սերունդի ներկայացուցիչ բեմադրիչ Լարիսա Մանկասարովա: Հիմա արդէն փորձերը ընթացքի մէջ են, տիկնիկները, զարդարումները պատրաստ են, մօտաւորապէս երկու ամիս վերջ ներկայացումը կը յանձնուի հանգիսատեսի դատին: Թատրոնի երիտասարդ դերասաններէն մէկն ալ միաներկայացում պատրաստած է կոկորդիլոսի մասին: Ռուբէն Պապայեան նշեց, որ փոխազդեցիկ ներկայացման մը կը սպասուի: Բեմադրիչ Սամսոն Մովսէսեան եւս նոր ներկայացում մը կը բեմադրէ: Ան կ՚աշխատի «Հերի Փոթըր»ի հեղինակ Ժոան Ռոուլինկի հեքիաթներու ուղղութեամբ: Թատրոնը կը նախատեսէ այցելութիւններ՝ Հայաստանի մարզեր եւ զօրամասեր:

«Համավարակը դեռ չէ նահանջած, եւ մենք կը հետեւինք անվտանգութեան բոլոր կանոններուն: Կեանքը կը շարունակուի, կ՚ունենանք նաեւ ցուցահանդէսներ, համերգներ: Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» տիկնիկային թատրոնը կ՚ապրի իր բնականոն կեանքով, դռները բաց են բոլոր տարիքի մարդոց համար», աւելցուց Ռուբէն Պապայեան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021