ՄԵԾ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Յետպատերազմեան ցնցումները կը շարունակուին Հայաստանի մէջ։ Ամիսներէ ի վեր առկայ աղիտալի կացութեան դէմ ամբողջ երկրէն ներս մեծ դիմադրութիւն մը ծնունդ առած է։ Հիմնական պահանջն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, ինչ որ նոր սկիզբ մը պիտի բնորոշէ Հայաստանի տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները յամառօրէն անտեսել կը ձեւացնեն այս պահանջները՝ վտանգաւոր ձեւով խորացնելով երկրի մատնուած փակուղին։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» միացեալ ընդդիմութիւնը այս օրերուն անընդհատ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը կը շարունակէ։ Երկրի առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հակազդեցութեան ալիքը տարածում կը գտնէ զանազան ուղղութիւններով։

Ցուցարարները երէկ մուտք գործեցին Երեւանի Պետական համալսարան եւ ուսանողներուն կոչ ուղղեցին՝ միանալ ընդդիմադիր շարժման։ Երեւանի Պետական տնտեսագիտական համալսարանն ալ անոնց հասցէներէն մին էր։

Այս առաւօտ ալ Երեւանի կեդրոնին, դարձեալ վարչապետարանի շուրջ համախմբուեցան հոծ թիւով ցուցարարներ։ Այնտեղ կուտակուեցան նաեւ հոծ թիւով ոստիկաններ։ Վերջին օրերուն վարչապետարանի շուրջ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Ցուցարարները կը ջանան խոչընդոտել Նիկոլ Փաշինեանի տեղաշարժը։ Կը հաղորդուի, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է բազմաթիւ ցուցարարներ։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021