ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ժողովրդավարութիւնը մարդկային մտքի հորիզոններուն նուաճած կէտի վրայ լաւագոյն վարչակարգը կը համարուի։ Այո՛, լաւագոյն, որովհետեւ սկզբունքօրէն բաց է կատարելագործման եւ տեսականօրէն չի մերժեր իր հակադիր աշխարհահայեացքները, նոյնիսկ իր իսկ մերժումը։ Բայց, քանի մարդ կատարեալ չէ ինքն իսկ՝ ապա անոր գտած վարչակարգն ալ, հասկնալիօրէն, կատարեալ չէ։

Կեանքը այնքան շերտաւոր է, այնքան բազում երեսակներ ունի, որ դժուար թէ բոլորէն ծնունդ առած հարցականներու պատասխանին հասնիլ վարչակարգի մը կամ աշխարհահայեացքի մը պրիսմակէն։ Տարիներ առաջ, հեռուստածրագրի մը ժամանակ, յայտնի մտաւորական մը հանդէս եկած էր հետաքրքրական դիտարկումով մը, թէ մարդիկ Արեւմուտքի մէջ ազատութիւն կը պահանջեն իրենց խնդիրներու լուծման համար, իսկ Արեւելքի մէջ՝ արդարութիւն։ Կը հակասե՞ն այդ երկուքը իրարու, կը հակադրուի՞ն... Նայած, անշուշտ։ «Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք վերագրել ուրիշի. սա քաղաքականութիւն ընել է», ըսած է ֆրանսացի նշանաւոր պետական գործիչ Ժորժ Քլեմանսօ։

Հապա ո՞վ կրնայ պնդել, որ կեանքը միայն քաղաքականութիւն է եւ անոր բոլոր երեւոյթները կրնան բացատրուիլ քաղաքականութեան կաղապարներով: Խորքին մէջ, ազատութեան եւ արդարութեան խաչմերուկին աշխատանքն է։ Մարդ աշխատանքին, արտադրածին, վաստակին շնորհիւ կ՚ապահովէ թէ՛ սեփական արդարութիւնը եւ թէ ազատութիւնը։ Իսկ այդ բանին պարփակած հակասութիւններուն առումով որքա՜ն դիպուկ է նոյնպէս ֆրանսացի փիլիսոփայ Պլեզ Փասքալի բանաձեւումը. «Կեանքի մէջ ամենակարեւորը ասպարէզի ընտրութիւնն է, ինչ որ պատահականութեան մնացած է»:

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022