ԱՆԳԱՐԱ ԱՇԽՈՅԺ
Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նպաստելու համար հաւանական լիցքաթափման, ռազմական գործողութիւններու կասեցման եւ դիւանագիտութեան վերսկսման։ Պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը անմիջական շփման մէջ կը մնան՝ միջազգային ազդու դերակատարներու իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։ Զրոյցը զուգադիպեցաւ ՆԱԹՕ-ի այս օրուան արտահերթ առցանց գագաթաժողովի ճիշդ նախօրեակին։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ հեռաձայնով զրուցեց Ուքրայնայի պաշտպանութեան նախարար Օլեքսի Ռեզնիքովի հետ։