ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը։ Թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Երեւանէն երէկ պաշտօնական հրապարակումներ կատարուեցան այս կապակցութեամբ։ Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուեցան գրեթէ նոյնաբովանդակ, ամփոփ յայտարարութիւններ՝ ինչպէս եղած էր Մոսկուայի առաջին ժամադրութենէն վերջ։ Այս հանդիպումէն ալ որեւէ տեսանիւթ չէ հրապարակուած։

Երէկուան տեսակցութեան ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին, թէ բանակցութիւններու վերջնական նպատակն է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ լիարժէք բնականոնացման ապահովուիլը, ինչ որ արտայայտուած էր նաեւ Մոսկուայի առաջին ժողովին ժամանակ։ Այս շրջանակին մէջ յատուկ ներկայացուցիչները կարծիքներ փոխանակեցին հաւանական շօշափելի քայլերուն շուրջ եւ վերահաստատեցին իրենց համաձայնութիւնը՝ գործընթացը առանց նախապայմաններու շարունակելու։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022