ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութեան հաղորդումներ ըրին Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի կացութեան վերաբերեալ։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող կամուրջներն ու ճանապարհները ենթակայ են շահագործման։ «Աշխատանքներ պիտի իրականացուին երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական անցագիր կրող քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի հատման գործընթացը աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ», նշուած է նախարարութեան կողմէ կատարուած գրաւոր յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023