ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՇՓՈՒՄԸ

Մինչ Արցախը ուր որ է երկուքուկէս ամիսէ ի վեր ամբողջական շրջափակման ենթակայ մնացած է՝ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով, մարդասիրական տագնապն ալ հետզհետէ կը խորանայ մտահոգիչ թափով։ Այս մթնոլորտին մէջ «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է՝ մասնակցութեամբ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը։ Այսպէս, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Արցախի սպառողներու ելեկտրական ուժանիւթի եւ կազի մատակարարումները վերականգնուին։ Միեւնոյն ժամանակ, հաղորդումներուն մէջ կրկնուած է, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ Լաչինի միջանցքով անարգել երթեւեկութեան վերսկսիլը ապահովելու նպատակով։

Հարկ է նշել, որ այս իրադարձութիւնը կը համընկնի յատկանշական պահու մը։ Արդարեւ, Պաքու երկար ժամանակէ ի վեր վերապահութիւն կը դրսեւորէր Արցախի մէջ պետական նախարարի պաշտօնին Ռուբէն Վարդանեանի կողմէ ստանձնուած ըլլալուն կապակցութեամբ եւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ բացայայտօրէն կը յայտնէր, որ Ստեփանակերտի հետ պիտի չբանակցի՝ որքան ատեն որ Ռուբէն Վարդանեան կը գտնուի այդ պաշտօնին վրայ եւ Ատրպէյճան զինք չ՚ընդունիր որպէս խօսակից։ Այս բոլորէն վերջ, վերջին օրերուն Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնանկ ըրած էր Ռուբէն Վարդանեանը։ Պետական նախարարի պաշտօնէն Ռուբէն Վարդանեանի ազատուելէն անմիջապէս վերջ արդէն Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է այս շփումը։

Միեւնոյն ժամանակ, երէկ, Կարմիր խաչի ջանքերով Հայաստանէն դէպի Արցախ եւ հակառակ ուղղութեամբ հիւանդներ եւ այլ ճամբորդներ փոխադրուած են, ընդհանուր թիւով իննական հոգի։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, նաեւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ժողովի քննարկումներու բովանդակութեան մասին պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ոչինչ հաղորդուած է։ Միայն նշուած է, որ նիստին ժամանակ քննարկուած են օրակարգային զանազան հարցեր։

Բաց աստի, երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Այս վերջինը ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդունեց եւրոպացի դիւանագէտը։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Փաշինեան եւ Քլաար անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթի տագնապներուն հետեւանքները։ Վարչապետը շեշտեց Եւրոխորհրդարանի կողմէ՝ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւի կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան համոզուած է, թէ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութիւնը պիտի նպաստէ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան։

Թոյվօ Քլաարի հետ հանդիպման ընթացքին Փաշինեանի կողքին էին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023