ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ թեմական պատգամաւորական ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի։

Պատգամաւորական ժողովը սկսաւ աղօթքով։ Առաջին նիստին վերյիշուեցաւ նաեւ Շաւիլի ծխական խորհուրդի բարեյիշատակ ատենապետ Սուրէն Փանոսեան, որ մահացած է անցեալ դեկտեմբերին։

Օրակարգի նիւթերու քննարկումէն առաջ ընտրուեցաւ պատգամաւորական ժողովի դիւանը՝ ըստ հետեւեալի. Ժիլպէր Տէտէեան (ատենապետ), Ժերար Սահակ Շխըրտըմեան (փոխ-ատենապետ), Տ. Արամ Քհնյ. Ղազարեան (ատենադպիր, հայերէն) եւ Տ. Մանուէլ Քհնյ. Ռաշօ-Յովհաննէսեան (ատենադպիր, ֆրանսերէն)։

Ընդհանուր ժողովի ընթացքին կատարուեցաւ թեմական խորհուրդի ընտրութիւն։ 12 աշխարհական եւ կրօնական անդամներէ բաղկացեալ թեմական վարչութեան մաս կազմեցին՝ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան (առաջնորդ), Տ. Աւետիս Քհնյ. Պալըքեան (հովիւ՝ Իսի լէ-Մուլինոյի), Տ. Հրայր Աւ. Քհնյ. Քըլըճեան (հովիւ՝ Ալֆորվիլի), Ռիշար Ղազարեան, Կարօ Կարապետեան, Արմենակ Քուզուեան, Հայկազ Կէօրտեպաք-Տրդատեան, Սարգիս Վարդանեան, Անուշ Սերոբեան, Ռաֆֆի Մոմճեան, Կարէն Ղահրամանեան եւ Ժորժ-Տարօն Մոստիչեան։

Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներուն, նորընտիր թեմական վարչութիւնը գումարած է իր անդրանիկ ժողովը, որու ընթացքին դիւանը ձեւաւորած է ըստ հետեւեալի. Ռիշար Ղազարեան (ատենապետ), Անուշ Սերոբեան (փոխ-ատենապետ), Կարէն Ղահրամանեան (ատենադպիր, հայերէն), Սարգիս Վարդանեան (ատենադպիր, ֆրանսերէն), Արմենակ Քուզուեան (գանձապահ), Ժորժ-Տարօն Մոստիչեան (փոխ-գանձապահ)։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023