ԱՄՓՈՓ ՏՈՂԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րը ոչն­չա­ցու­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան 11 թի­րախ­նե­րը։

- Լա­խէ­յի մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նը քա­ռա­սուն տա­րի ա­զա­տազրկ­ման դա­տա­պար­տեց Պոս­նա­յի սեր­պե­րու նախ­կին ղե­կա­վար Ռա­տո­վան Քա­րա­ծի­չը՝ մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով։

- Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­ման­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ Մար­տի­նի, Նու­սայ­պի­նի եւ Սու­րի մէջ յար­ձա­կում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լով նա­հա­տա­կեց ութ անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեա­ներ։ Ե­րէ­կուան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով կայ քսա­ներ­կու վի­րա­ւոր։

- Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կէոր­կի Ճա­նե­լի­ծէ այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­նե­րու ձեռ­նար­կեց պաշ­տօ­նա­կան այ­ցի շրջագ­ծով։

- Ըստ «Սապահ» օրաթերթին, Ետիգուլէի Նառլը-չէշմէ փողոցի բնակարանին մէջ մենակեաց կեանք ապրող 67-ամեայ կաթուածահար Կիրակոս Քարաօղ-լանօղլու սպաննուեցաւ իր խնամողին կողմէ։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016