Հա­յաս­տա­ն-ԴԱՆԻԱ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

29 Մար­տին, Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի ա­նուան հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տան-Դա­նիա մրցու­մը, որ կը գտնուի Եւ­րո­պա­յի քսան­մէկ տա­րե­կա­նէն վար 2017-ի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցա­շար­քի ծի­րին մէջ:

Պատ­րաս­տուե­լու հա­մար այս մրցու­մին՝ Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նը սկսաւ մար­զա­կան հա­ւա­քի մը, Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան ա­կա­դե­միո­յի մէջ:

Հա­ւա­քա­կա­նի գլխա­ւոր մար­զիչ Կա­րէն Բար­սե­ղեան մար­զա­կան հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար հրա­ւի­րած է հե­տե­ւեալ քսան­հինգ ֆութ­պո­լիստ­նե­րը.

ԲԵՐ­ԴԱ­ՊԱՀ­ՆԵՐ՝ Ա­նա­թո­լի Այ­վա­զով (Փիւ­նիկ), Ար­ման Մե­լիք­սէ­թեան (Ա­րա­րատ) եւ Հան­րի Ա­ւա­գեան (Մի­քա):

ՅԵՏ­ՍԱ­ՊԱՀ­ՆԵՐ՝ Ա­րամ Շահ­նա­զա­րեան (Ա­րա­րատ), Ար­մէն Մա­նու­չա­րեան, Ռո­պէրթ Յա­կո­բեան, Սե­րոբ Գրի­գո­րեան, Ար­թուր Խու­լո­յեան (Փիւ­նիկ), Գէորգ Խու­լո­յեան (Բա­նանց) եւ Գոռ Աղ­բա­լեան (Հի­րեն­վին, Հո­լան­տա):

ՄԻՋ­ՆԱ­ՊԱՀ­ՆԵՐ՝ Սար­գիս Շա­հի­նեան, Ա­լիք Ա­ռա­քե­լեան, Ղու­կաս Պետ­րո­սեան (Փիւ­նիկ), Մհեր Սա­հա­կեան (Ա­րա­րատ), Պետ­րոս Ա­ւե­տի­սեան, Յա­կոբ Յա­կո­բեան, Նա­յի­րի Մի­նա­սեան (Բա­նանց), Գոռ Մա­լա­քեան (Սթալ, Ուք­րայ­նա), Հայկ Գալս­տեան (Պո­խում, Գեր­մա­նիա), Ար­տեոմ Սի­մո­նեան (Ցիւ­րիխ, Զուի­ցե­րիա) եւ Ա­ղուան Պա­պի­կեան (Պել­խա­թով, Լե­հաս­տան):

ՅԱ­ՌԱ­ՋԱ­ՊԱՀ­ՆԵՐ՝ Վիու­լէն Այ­վա­զեան (Շի­րակ), Ռազ­միկ Յա­կո­բեան, Է­րիք Պետ­րո­սեան (Փիւ­նիկ) եւ Դա­ւիթ Ար­շա­կեան (Թրա­քայ, Լի­թուա­նիա):

Միւս կողմէ, Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միո­յ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րե­կա­մա­կան մրցում մը՝ Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նին եւ Գան­ձա­սար Կա­պա­նի մի­ջեւ: Պետ­րոս Ա­ւե­տի­սեա­նի նշա­նա­կած կո­լին շնոր­հիւ Հա­յաս­տա­նի 21 տա­րե­կա­նէն վար հա­ւա­քա­կա­նը նուա­զա­գոյն հա­շի­ւով յաղ­թեց Գան­ձա­սար Կա­պա­նին

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016