Վերջին Տարիներուն Արցախ Այցելող Օտար Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած
Վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համաձայն, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Արցախի Տնտեսութեան փոխ-նախարար Սէրկէյ Շահվերտեան։
«Նման աճ մենք ունեցած ենք մինչեւ 2014 թուականը, սակայն 2014 թուականին այդ ցուցանիշը քիչ մը նուազած է: 2015 թուականին կրկին աճի միտում նկատուած է: 2015-ին գրանցուած է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու 13 տոկոս աճ: Հիմնականին Արցախ կու գան Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէ: Ընդհանուր առմամբ, կրնանք ըսել, որ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը կ՚ընթանայ աշխուժօրէն», նշած է Սէրկէյ Շահվերտեան:
Ըստ Շահվերտեանի՝ Արցախը աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայացնելու համար ոչ միայն զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսները կ՚օգտագործուին, այլ նաեւ տեղեկատուական միջոցները, ընկերային ցանցերը, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ կը պատրաստուին՝ Արցախը ներկայացնելով իբրեւ զբօսաշրջութեան երկիր: «Արցախի մէջ կը զարգանայ հնագիտական, մշակութային, քայլարշաւային զբօսաշրջութիւնը: Զբօսաշրջիկները կը փորձենք գրաւել ոչ միայն տաճարներով, այլեւ իւրայատուկ ճարտարապետական կառոյցներով: Մենք ունինք չորս պատմաշակութային արգելոցներ: Աշխատանք կը տարուի գիւղական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ», ըսած է փոխ-նախարարը: Ան նշած է, որ Արցախի մէջ որեւէ ատեն բնակած փոքրամասնութեան մշակոյթը, Արցախի մշակութային ժառանգութիւնն է: Արցախը հաւասարաչափ ուշադրութիւն կը դարձնէ յուշարձաններու պահպանման: «Այդ մէկուն լաւագոյն դրսեւորումն է Շուշիի, Աղդամի մզկիթներու պահպանումը: Արցախ այցելած զբօսաշրջիկները կը տեսնեն, որ ի տարբերութիւն Արտրպէյճանի, Արցախի մէջ մշակութային արժէքները կը պահպանուին», ընդգծած է Շահվերտեան։
Սէրկէյ Շահվերտեան դիտել տուած է նաեւ, որ Ատրպէյճան միշտ ալ կը փորձէ խոչընդոտել Արցախի մասնակցութիւնը միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսներու՝ դիտել տալով, որ գրեթէ բոլոր ցուցահանդէսներուն ալ կայ այդ միտումը։ Անոր համաձայն՝ սկիզբը ատրպէյճանցիները կ՚աշխատին պաշտօնական միջոցներով, կը բողոքեն կազմակերպիչներուն, տուեալ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան, իսկ երբ իրենց փորձերը ի զուր դուրս գան, անոնք ցուցահանդէսին ընթացքին կը փորձեն ստեղծել անընդունելի իրավիճակ, որպէսզի այդ ձեւով պարտադրեն իրենց կամքը եւ խանգարեն Արցախի մասնակցութիւնը այդ ցուցահանդէսներուն: Բայց եւ այնպէս միշտ ալ նման փորձեր ձախողութեան կը մատնուին։