«ՈՍԿԷ ԳՆԴԱԿ» ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻՆ

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մեծ աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան հռչա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի տա­րուոյն լա­ւա­գոյն ֆութ­պո­լէօ­րը։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին ան ստա­ցաւ իր «Ոս­կէ գնդակ»ը։ Ա­ւա­նի Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ հա­մա­լի­րէն ներս, Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեան հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նեց Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի պար­գե­ւը։ Երկ­րորդ եւ եր­րորդ լա­ւա­գոյն­նե­րը ե­ղան Գէորգ Ղա­զա­րեան եւ Մար­քոս Փի­զել­լի։

Հարկ է նշել, որ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան այս տիտ­ղո­սը նուա­ճեց ա­նընդ­հատ վե­ցե­րորդ ան­գամ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ իր ու­նե­ցած «Ոս­կէ գնդակ»նե­րուն թիւն ալ հա­սաւ եօ­թի։ Ե­րէկ ի­րեն յանձ­նուծ «Ոս­կէ գնդակ»ը 2016-ի հա­մար էր։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017