ՍՆՈՒՑՈՒԵԼՈՎ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ճգնա­ժա­մէն դէ­պի զար­գա­ցում՝ սնու­ցուե­լով հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ» խո­րագ­րեալ եր­կօ­րեայ ֆո­րում մը։ «WCFDavos/Yerevan» ձե­ւա­չա­փին մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւաք մըն էր այս մէ­կը, ո­րու բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նի Հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ա­րա Սա­ղա­թե­լեան։ «Տա­ւո­սի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին ֆո­րում» ըն­կե­րակ­ցու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս այս ձե­ւա­չա­փով ա­ռա­ջին ան­գամ ֆո­րում մը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ։ Ա­րա Սա­ղա­թե­լեան ֆո­րու­մի բաց­ման ընդգ­ծեց, որ երկ­րէն ներս խօս­քի եւ մամ­լոյ ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ա­նոնց շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցու­մը վե­րա­ծուած են ար­ժէք­նե­րու, ո­րոնք ա­ռաջ­նա­յին կը հա­մա­րուին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու հա­մա­տես­քին մէջ։

Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ֆո­րու­մի քննար­կում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան հինգ հիմ­նա­կան նիս­տե­րու ըն­թաց­քին։ Հայ եւ օ­տար բազ­մա­թիւ հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ այս ծի­րին մէջ հան­դէս ե­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։ Մաս­նա­գէտ­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ Հա­յաս­տա­նէ ներս քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժում­նե­րու զար­գաց­ման մի­տում­նե­րը նկա­տե­լի են։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017