ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՆԴՈԿ
Մալտիւներու մէջ աշխարհի վրայ առաջին առողջարանը բացած են քորոնաժահրով վարակուածներու մեկուսացման համար։ Այսպէս, Մալտիւներու մէջ աշխարհի վրայ առաջին կղզային առողջարանը բացած են մեկուսացնելու համար այն զբօսաշրջիկները, որոնք կրնան ախտահարուած ըլլալ COVID-19 քորոնաժահրով: Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի զբօսաշրջիկներու ընկերութիւնը՝ վկայակոչելով չինական մամուլը եւ Մալտիւներու կառավարութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ պանդոկը կառուցած են տասն օրուան ընթացքին՝ Վիլիվարի կղզիին վրայ, որ կը գտնուի Մալի մայրաքաղաքէն 24 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Կը հաղորդուի, որ բոյժանձնակազմը այստեղ անվճար կ՚աշխատի մեկուսացուածներու համար, իսկ գանձատրումները կ՚ընէ կառավարութիւնը։ Միւս կողմէ, սպասարկումը, չինական զանգուածային լրատուամիջոցներու տուեալներով, կը կազմակերպուի ամենաբարձր մակարդակով։
Հիւրանոցը ունի երեսուն սենեակ՝ օդափոխման եւ օդամաքրման փակ համակարգով, օրական երեք ժում սնունդով, որ կը մատուցուի սենեակին մէջ, արդիական հեռուստացոյցով եւ ամբողջութեամբ համալրուած «մինի-պառ»ով: Դուրսէն այցելութիւնները եւ հիւրերու շփումները միմեանց հետ արգիլուած են։