ՈՒՂԵՂԸ ՉՎԵՐԱԾԵԼ «ԱՂԲԱԿՈՅՏԻ»
Բժիշկները բացատրած են, թէ ինչպէս գրպանի խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները ուղեղը կը վերածեն «աղբակոյտի»։ Այսպէս, բջիջային խելացի հեռաձայններու եւ համակարգիչներու չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ յառաջացնել ուղեղի գերյոգնածութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ խելագարութեան եւ ճնշուածութեան զարգացման: Այդ մասին յայտնած է Nikkei Style-ը՝ վկայակոչելով ճաբոնցի գիտնականներու կարծիքը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «Օքումուրա» յիշողութեան բուժարանի ղեկավար ջղաբոյժ Այումի Օքումուրայի խօսքով՝ վերջերս աւելցած է մարդկանց մօտ «յիշողութեան խանգարման» դէպքերու քանակութիւնը: Ըստ Օքումուրայի, այդ ախտորոշումը միայն տարեցներու մօտ չի պատահիր: «Ռիսքի դասաւորման մէջ կը գտնուին 30-էն մինչեւ 60 տարեկան անձերը։ Անոնք, որոնք աւելի յաճախ կ՚օգտագործեն համակարգիչներն ու բջիջային հեռաձայնները՝ ծանրաբեռնելով իրենց ուղեղը տեղեկատուութեամբ: Երբ ընդունուող տեղեկատուութեան քանակը կը մեծնայ, ուղեղը չի դիմանար մշակման ու կը վերածուի աղբակոյտի», պատմած է Օքումուրա: Վատ հետեւանքներէն խուսափելու համար բժիշկները խորհուրդ կու տան անպայման հանգիստ տալ ուղեղին, կրճատել անոնցմէ օգտուելու ժամանակը, ինչպէս նաեւ լաւ քնանալ: Օգտակար է նաեւ կարճատեւ՝ 15 րոպէնոց քունը՝ ճաշի ընդմիջման ժամանակ: Բացի վերոնշեալներէն, մասնագէտները խորհուրդ կու տան սնուելու ժամանակ չօգտուիլ ելեկտրոնային գործիքներէն: