ՏՈՄԻՆԿՕ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ

Փլասիտօ Տոմինկօ վարակուած է քորոնաժահրով։ Այսպէս, սպանացի աշխարհահռչակ օփերայի երգիչ Փլասիտօ Տոմինկօ վարակուած է քորոնաժահրով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին երգիչը յայտնած է «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ:

«Բարոյական պարտքս կը համարեմ տեղեկացնել, որ յանձնած եմ քորոնաժահրի քննութիւն, որու արդիւնքը եղած է դրական: Այժմ թէ՛ ես, թէ՛ ընտանիքիս անդամները մեզ լաւ կը զգանք:

«Խնդրեմ բոլորդ հնարաւորինս եղէք ուշադիր եւ զգոյշ։ Հետեւեցէ՛ք մաքրութեան բոլոր կանոններուն եւ յաճախ լուացէք ձեր ձեռքերը, որոշ հեռաւորութիւն պահեցէք մարդոց հետ, ըրէք ամէն հնարաւորը, որպէսզի ժահրը լայն տարածում չգտնէ: Նախ եւ առաջ մնացէք տունը, եթէ կրնաք: Միասնաբար մենք ի զօրու ենք պայքարիլ այս ժահրի դէմ եւ կանգնեցնել համաշխարհային ճգնաժամը», նշած է իր գրառման մէջ Փլասիտօ Տոմինկօ:

Աշխարհահռչակ թենորը յոյս յայտնած է, որ շուտով վերադառնայ իր բնականոն կեանքին ու անգամ մը եւս յորդորած է հետեւիլ ժահրի դէմ պայքարի բոլոր սկզբունքներուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2020