ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՊԼԻՆՔԸՆ ԵՐԷԿ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՇՕՇԱՓԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԱՌԿԱՅ ԲՈԼՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Աւելի քան 45 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայ դրութեամբ կը զբաղեցնեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը։ Երկու նախարարները Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր խնդրոյ առարկայ է լարուածութիւն մը։ Կողմերու միջեւ առկայ են բազում խնդիրներու վերաբերեալ տարակարծութիւններ։ Ուաշինկթընի մէջ նոր ղեկավարութեան իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ սպասումներ օրակարգի վրայ եկած են՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ նոր էջ մը բանալու համար։ Թրքական կողմն ալ համապատասխան որոնումներու մէջ է երկար ժամանակէ ի վեր։ Պրիւքսելի երէկուան հանդիպումը կարեւոր էր այն իմաստով, որ Ուաշինկթընի մէջ նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն ի վեր առաջին անգամ բարձր մակարդակի վրայ ուղղակի շփում մը տեղի ունեցաւ Անգարայի հետ։ Սա թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու տեսակէտէ կը համարուի յուսադրիչ՝ մինչ թրքական դիւանագիտական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ խնդրայարոյց բոլոր նիւթերը շօշափուած են Չավուշօղլու-Պլինքըն զրոյցի ընթացքին։

Աւելի քան 45 վայրկեան տեւած հանդիպման ընթացքին «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ներածման խնդիրը շօշափուեցաւ առաջնահերթօրէն։ Ամերիկացի իր պաշտօնակցին հետ տեսակցելէ վերջ Չավուշօղլու յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Նախարարը նշեց, որ Թուրքիա հերթական անգամ արտայայտած է իր սպասումները։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա ներկայիս ձեռք բերած է «Ս-400» հրթիռային համակարգերը եւ Էնթընի Պլինքընի նկատառման յանձնուած է, որ այս գործարքը արդէն իսկ աւարտած է։ Չավուշօղլուի խօսքով, Թուրքիա ապագայի ուղղեալ դրական դիրքորոշում մը որդեգրած է՝ հակաօդային պաշտպանութեան կարիքները դաշնակիցներէն դիմագրաւելու ուղղութեամբ։ Այն նիւթերը, որոնց շուրջ առկայ են տարակարծութիւններ, պէտք է անոնց պարագային քննարկումները շարունակուին եւ երկու կողմերը համակարծիք գտնուած են այս ուղղութեամբ։ Պրիւքսելի երէկուան ժամադրութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ, որպէսզի Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները ծաւալուն քըն-նարկումի մը ենթարկելու առաջադրութեամբ նախարարներու մակարդակով կազմակերպուի ժողով մը։ Էնթընի Պլինքըն, ըստ թրքական մամուլին եւ միջազգային աղբիւրներուն, թրքական կողմին կոչ ուղղած է, որպէսզի իր մօտ չպահէ «Ս-400» հրթիռային համակարգերը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլուի խօսքերով, Անգարա աւելի առաջ Ուաշինկթընին առաջարկած էր այս խնդրին շուրջ թեքնիք մակարդակով աշխատանքային խումբ մը ստեղծել եւ այդ մէկուն ընդգրկել նաեւ ՆԱԹՕ-ն։ Այդ առաջարկը հաշտ աչքով չէր դիտարկուած ԱՄՆ-ի նախկին վարչախումբին կողմէ։ Թուրքիա ներկայ վարչախումբի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ ալ կրկնած է այդ առաջարկը։ Ըստ Չավուշօղլուի, Ճօ Պայտընի վարչախումբն ալ հաշտ աչքով չի դիտեր այդ վարկածը։ Ուստի, նախարարի խօսքով, ցայսօր ինչ որ պատահած է, արդէն պատահած է։ Թուրքիոյ ուղղեալ պատժամիջոցներու խնդիր մըն ալ օրակարգի վրայ է, սակայն երկկողմանի հարթութեան վրայ աշխատանքային խմբակ մը ստեղծելով այս բոլորը յաղթահարելու ճանապարհները պիտի որոնուին եւ պիտի որդեգրուի համապատասխան ռազմավարութիւն մը։ Նախարար Չավուշօղլու համոզուած է, որ աշխատանք պէտք է տանիլ համապատասխան ճանապարհային քարտէս մը որդեգրելու ուղղութեամբ։ 

Պրիւքսելի երէկուան տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան տրուած զօրակցութիւնը, ԱՄՆ-է ներս ՖԵԹԷՕ-ի գոյութեան խնդիրը։ Այս բոլորը բացասական ազդեցութիւն կը գործեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ։ Չավուշօղլու եւ Պլինքըն երէկուան զրոյցին ժամանակ շօշափած են նաեւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Ընդգծուած է, որ Սուրիայէ ներս թափ կը ստանան ՓՔՔ-ի յարձակումները։ Նախարարները կանգ առած են նաեւ Իրաքի եւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են Աֆղանիստանի կացութեան շուրջ։

Մեւլիւտ Չավուշօղլուի խօսքով, Էնթընի Պլինքընի հետ երէկուան տեսակցութիւնը եղած է շինիչ։ Սա ԱՄՆ-ի մէջ նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն ի վեր առաջին երես երեսի երկխօսութիւնն էր երկու կողմերուն միջեւ։ Թրքական դիւանագիտական աղբիւրները կ՚ընդգծեն, որ խնդրայարոյց բոլոր նիւթերը նկատի առնուած են նախարարներուն կողմէ եւ անոնք արտայայտած են փոխադարձ պահանջներն ու սպասումները։ Պրիւքսելի քննարկումներէն վերջ Չավուշօղլու հերթական անգամ կրկնեց թրքական կողմի վաղեմի տեսակէտը, ըստ որու ԱՄՆ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքար մղելու ժամանակ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան փոխարէն պէտք է համագործակցութիւն իրականացնէ Թուրքիոյ հետ։

Ի լրումն այս բոլորին, Չավուշօղլու եւ Պլինքըն քննարկած են Միջերկրականի արեւելքի վերաբերեալ խնդիրները։ Չավուշօղլու մատնանշած է, որ Թուրքիա միշտ կողմնակից եղած է երկխօսութեան դուռը բաց պահելու։ Նախարարը ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան իրաւունքներու անտեսումը պատճառ կը դառնայ Թուրքիոյ կողմէ փոխադարձ քայլերու։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Չավուշօղլու շեշտած է նաեւ, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւններու ծիրէն ներս դաշնակիցներու հետ համագործակցութեան միշտ կարեւորութիւն ընծայած է եւ այդ գիծը պիտի շարունակուի։

Պրիւքսելի երէկուան յայտարարութիւններուն ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու կոչ ուղղեց նաեւ Եւրոմիութեան, որու գագաթաժողովը կը սկսի այսօր։ Թրքական կողմը այս փուլին կը շեշտէ, որ այլեւս շօշափելի քայլեր առնելու անհրաժեշտութիւնը կայ, որպէսզի յարաբերութիւնները ընթանան դրական հունի մը մէջ։ Դրական կլիմայի մը ստեղծման ուղղեալ քայլեր առնուած են։ Թրքական կողմը կողմնակից չէ վերադառնալ այն օրերուն, երբ լարուածութիւններ կ՚ապրէին։ Անգարա կողմնակից է դրական օրակարգը շարունակելու։ Եւրոմիութիւնն ալ այլեւս պէտք է թողէ ձգձգումները, ժամանակ շահելու ուղղեալ քայլերը եւ նախապայմաններով նախադասութիւնները։ Այս բոլորը պէտք է փոխարինուին շօշափելի քայլերով։ Չավուշօղլուի խօսքով՝ վիզաներու ազատականացումը պէտք է կեանքի կոչել, Մաքսային միութեան այժմէականացումը քաղաքական նախապայմաններէ պէտք է փրկել, գաղթի համաձայնութեան տեւականացման համար օրուայ պայմաններուն համաձայն պէտք է նոր կարգադրութիւններու ձեռնարկել։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021