ԱՐԴԷՆ ԱՄԻՍ ՄԸ

Մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը առաջին ամիսը կը բոլորէ, արեւմտեան պլոքը մեծ ջանքեր կը գործադրէ՝ իրադարձութիւնները կառավարելի եւ նախընտրելի հունի մը մէջ պահելու համար։ Պրիւքսելի մէջ, առկայ պայմաններուն ներքեւ իրերայաջորդ երեք գագաթաժողով կազմակերպուեցաւ, ինչ որ համախմբեց արեւմտեան պլոքի յառաջատար դերակատար երկիրներու առաջին դէմքերը։ Այդ ամբողջին մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը կարեւորագոյնն էր։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ դաշնակից երկիրներու ղեկավարները հերթական անգամ խստագոյն պատգամներ հասցէագրեցին Ռուսաստանին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս գագաթաժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Աւելի քան երեք ժամ տեւեց արտահերթ գագաթաժողովը, որու աւարտին շեշտուեցաւ, որ դաշնակից ժողովուրդներու եւ տարածքի իւրաքանչիւր քառակուսի սանդիմեթրի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առնուիլ պիտի շարունակուին։ Հասարակաց պաշտպանութեան սկզբունքին նկատմամբ վերահաստատուեցաւ դաշնակից երկիրներուն հաւատարմութիւնը։ Արձանագրուեցաւ, որ Ուքրայնայի վրայ Ռուսաստանի կողմէ գործուած յարձակումը կը համարուի՝ Եւրոատլանտեան անվտանգութեան տասնամեակներէ ի վեր դիմագրաւած ամենալուրջ սպառնալիքը։ Ղեկավարները բռնագրաւումի հետեւանքով ամենախիստ արտայայտութիւններով պախարակեցին Ռուսաստանը եւ անոր ղեկավար Վլատիմիր Փութինը որակեցին անպատասխանատու եւ ապակայունացնող։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ուքրայնայի վրայ գործուած յարձակումը ռազմավարական սխալ մըն է, որ Ռուսաստանի եւ ռուս ժողովուրդի տեսակէտէ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ։ ՆԱԹՕ միաւորուած ու վճռակամ է Ռուսաստանի նախայարձակ ընթացքին դէմ։ Դաշինքը ամբողջական զօրակցութեան մէջ է Ուքրայնայի հետ ու կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը անոր անկախութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ ՆԱԹՕ պիտի շարունակէ քաղաքական ու գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի Ուքրայնայի ինքնապաշտպանութիւնը շարունակուի։ Դաշնակից երկիրները վճռակամ են, որպէսզի Ռուսաստանի դէմ շարունակուի համակարգուած միջազգային ճնշումը։ Դաշինքը Չինաստանին ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստանի պատերազմական ջանքերուն եւ անոր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման ուղղութեամբ օգնութիւն չցուցաբերէ։ ՆԱԹՕ վերահաստատեց նաեւ իր հաւատարմութիւնը՝ բաց դռներու քաղաքականութեան նկատմամբ, ինչ որ դաշինքի ընդլայնման քաղաքականութեան հիմքը կը հանդիսանայ։ Ի լրումն այս բոլորին, ՆԱԹՕ շեշտեց, որ որեւէ քիմիական կամ կենսաբանական յարձակում կը նկատուի անընդունելի եւ այդ հաւանականութիւնը Ռուսաստանի տեսակէտէ պիտի ունենայ հետեւանքներ։

Պրիւքսելի գագաթաժողովի ընթացքին, ինչպէս բոլոր ղեկավարները, այնպէս ալ նախագահ Էրտողան ունեցաւ շարք մը երկկողմանի շփումներ։ Այդ ամբողջին մէջ լրահոսին վրայ առանձնապէս ուշադրութեան կ՚արժանանայ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը։ Նախագահ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ յայտարարեց, որ Անգարայի դիրքորոշումը յստակ է ու նպատակն է խաղաղութիւն։ Իր խօսքով՝ Մոսկուայի եւ Քիեւի բանակցութիւններուն ժամանակ որոշ կէտի մը շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը կը ստեղծէ։ Թուրքիա ներկայիս կը ձգտի անպայման տեսակցութիւն մը ապահովել Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքիի միջեւ։ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ յայտնեց, որ այս պատերազմի հետքերը երկար տարիներ պիտի չջնջուին։ Թուրքիա ներկայիս կը գտնուի բացառիկ եւ առանձնայատուկ դիրքի մը վրայ։ Ան կ՚օգտագործէ Մոնթրէօի համաձայնութենէն բխած իրաւասութիւնները։ Բաց աստի, Էրտողան համոզուած է, թէ Ուքրայնային աջակցելու ժամանակ ՆԱԹՕ պէտք է առաջնորդուի իրատես ու ռազմավարական մօտեցումով մը։ Էրտողան նաեւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Եւրոպա գաղթականներուն աջակցի։

Պրիւքսելի մէջ նախագահ Պայտընն ալ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ միասնական է աւելի քան երբեք։

Միջազգային աղբիւրներն ալ կը մատնանշեն, որ Ռուսաստանի հրահրած պատերազմը աննախընթաց վերամիաւորում մը ապահոված է ՆԱԹՕ-էն ներս։

Դաշինքի գագաթաժողովին առընթեր, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցան նաեւ Մեծն եօթնեակի գագաթաժողովը եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովը՝ մասնակցութեամբ Պայտընի։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022